2010-07-27 12:31:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Քրիստոնեայ Արեւմուտքի պահապանը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Քրիստոնեայ Արեւմուտքի պահապանը։

Նորընտիր ոեւէ Քահանայապետի նպատակները կարելի է կռահել անոր ընտրած անունէն։ Կարտինալ Ռացինկէր կրնար ինքզինք կոչել Յովհաննէս Պօղոս Գ, ինչ որ մտածել պիտի տար, թէ ան նպատակ ունէր շարունակելու իր հոգեւոր դաստիարակին գործը։

Փոխարէնը՝ ան ընտրեց Պենետիկտոս անունը, որ լատիներէնով կը նշանակէ օրհնութիւն։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ան կ'ուզէ դառնալ իւրայատուկ Քահանայապետ մը։ Յայտնապէս ան Եւրոպայի համար ընտրուած պապ մըն է։ Պենետիկտոս անունը իբրեւ պապական մակդիր կը յուշէ, թէ Ռացինկէր Եւրոպայի պահապան սուրբը պիտի ըլլայ։

Վերջին 23 տարիներուն Ռացինկէրի գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է Եւրոպայի աշխարհիկ երեւոյթներուն բազմացումը եւ Եւրոպայի քրիստոնէական սրտին ուղղուած սպառնալիքը։ Ան եւրոպացի մըն է, որ կազմաւորուած է պաւարիական ջերմեռանդ հաւատքով։

Այսօր ոչ միայն կաթողիկէութիւնը, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը պարզապէս կենցաղային երեւոյթ մըն է Եւրոպայի մէջ, որ կը թուի, թէ նիւթապաշտութեան մէջ թաղուած ըլլալով՝ կորսնցուցած է իր քրիստոնէական ոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.