2010-07-27 12:47:17

Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համալսարանականներու Միութեան անդամներու ներկայացուցիչներ։


Կիրակի 25 Յուլիս 2010-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց Սուրիոյ Հայ Համալսարանականներու Միութեան անդամներէն շուրջ 40 հոգիներ:

Հայրապետական ունկնդրութեան ընթացքին, հայ համալսարանականները իրազեկ դարձան այն աշխատանքներուն մասին, որոնք մեր եկեղեցին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կատարէ մեր երիտասարդութեան համար:   

Սուրիոյ տարածքին, ընդհանրապէս հայ ուսանողութեան ու յատկապէս հայ համասարանականներու հաւաքական աշխատանքներուն մասին զեկուցումէ ետք, ներկաները իրենց հարցումներով դիմեցին Վեհափառ Հայրապետին, յատկապէս մեր երիտասարդութիւնը եւ մեր գաղութները յուզող հարցերու մասին լուսաբանութիւն ստանալու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.