2010-07-26 13:18:48

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն 


Պաղեստինցի եկեղեցական մը` յանձին գերապատուելի Մունիպ Եունանի, ընտրուեցաւ որպէս նախագահը լիւտերական համաշխարհային դաշնակցութեան։
Յորդանանի եւ Ս. Երկրի լիւտերանական եկեղեցւոյ առաջնորդը` գերապատուելի Մունիպ Եունան, ընտրուեցաւ նախագահը լիւտերանական համաշխարհային դաշնակցութեան։ Ան մինջեւ ցայժմ կը վարէր փոխ նախագահի պաշտօնը վերոյիշեալ կազմակերպութեան մէջ։ Արդարեւ լիւտերանական համաշխարհային դաշնակցութեան 140 եկեղեցիներու 360 պատուիրակները յուլիս 24ին ընտրեցին գերապատուելի Մունիպ Եունան որպէս նախագահը լիւտերանական համաշխարհային դաշնակցութեան։ Ան կը յաջորդէ գերապատուելի Մարգ Հանսոնի` առաջնորդը Ամերիկեան ցամաքամասի։ գերապատուելի Մունիպ Եունան ծնած է Երուսաղէմ։ Ան միշտ եղած է պայքարող մը Միջին Արեւելքի արդար խաղաղութեան ի խնդիր եւ միաժամանակ նախաձեռնող մը միջկրօնական երկխօսութեան։ Իր աստուածաբանական ուսումները կատարած է Միացեալ Նահանգներու եւ ֆինլանտիայի մէջ։ Եղած է հոգեւոր առաջնորդ նոր սերունդականներու, ապա առաջնորդ Երուսաղէմի։
Երեւան - Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2010 թուականի սեպտեմբերի 20-22-ին Երեւանում տեղի կ'ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների սփիւռքահայ շրջանաւարտների առաջին համահայկական հաւաք, որի ընթացքում կը քննարկուի ՀՀ բուհերի սփիւռքահայ շրջանաւարտների դերը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Սփիւռքում հայապահպանութեան գործում, ինչպէս նաեւ՝` կը ստեղծուի սփիւռքահայ շրջանաւարտների համահայկական ընկերակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.