2010-07-25 13:49:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի յուլիս 25, Եկրորդ կիրակի վարդավառի` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան աւետարանական ընթերցումը կը խօսի աղօթքի մասին։ Յիսուսի աշկերտները տեսնելով Յիսուսը աղօթքին մէջ Իրմէ կը խնդրեն որ աղօթել սորվեցնէ։ Յիսուս ամենայն պարզութեամբ ըսաւ անոնց երբ աղօթէք ըսէք. ''Հայր մեր'' եւ այսպէսով անոնց սորվեցուց Տէրունական աղօթքը։

Այս աղօթքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը յայտնէ մեզի թէ մենք Աստուծոյ որդիներ ենք։ Հետեւաբար, ըսաւ Նորին սրբութիւնը, մենք կանչուած ենք ամէն օր Աստուծոյ ճշմարիտ զաւակները դառնալու, սերտ հաղորդութեան մէջ մտնելով Յիսուսի հետ։

Աստուծոյ Որդի ըլլալ կը նշանակէ Յիսուսի հետեւիլ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին աւարտին Սրբազան Հայրը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց բոլոր այն երիտասարդներուն որոնք Գերմանիոյ Տուիսպուրկի մէջ զոհ գացին։ Տիրոջ առջեւ կ'աղօթեմ զոհերու հոգիներուն համար, վիրաւորեալնմերուն ու անոնց պարագաներուն համար։

Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, որ աւելի ժամանակ գտնէք, մասնաւորապէս արձակուրդի ժամանակ, կարդալու եւ խորհրդածելու Աստուծոյ խօսքին վրայ, որ մեր հոգիին ճշմարիտ սնունդն է, եւ վերակենդանացուցիչ ոյժն է մեր կեանքին։

Սրբազան հայրը իր խորհրդածիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.