2010-07-24 12:59:30

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Քրիստոնեայ Արեւմուտքի Պահապանը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Քրիստոնեայ Արեւմուտքի Պահապանը։

Նորընտիր ոեւէ Պապի մը նպատակները կարելի է կռահել անոր ընտրած անունէն։ Կարտինալ Ռացինկէր կրնար ինքզինք կոչել Յովհաննէս Պօղոս Գ. ինչ որ մտածել պիտի տար, թէ ան նպատակ ունէր շարունակելու իր հոգեւոր դաստիարակի գործը։
Բայց ան ընտրեց Պենետիկտոս անունը, որ լատիներէն կը նշանակէ ՝՝օրհնութիւն՝՝։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ան կ'ուզէ դառնալ իւրայատուկ Պապ մը։ Յայտնապէս ան Եւրոպայի համար ընտրուած Պապ մըն է։ Պենետիկտոս անունը իբրեւ պապական մակդիր կը յուշէ, թէ Ռացինկէր Եւրոպայի պահապան սուրբը պիտի ըլլայ։
Վերջին 23 տարիներուն Ռացինկէրի գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է Եւրոպայի մէջ աշխարհիկ երեւոյթներու բազմացումը որ Եւրոպայի քրիստոնէական սրտին ուղղուած սպառնալիք մըն է ։ Ան եւրոպացի մըն է, որ կազմուած Պաւարիական(հարաւային կողմը գերմանիոյ) ջերմեռանդ հաւատքով։
Այսօր ոչ միայն կաթողիկէութիւնը, այլ նաեւ քրիստոնէութիւնը պարզապէս կենցաղային երեւոյթ մըն է Եւրոպայի մէջ, որ կը թուի թէ նիւթապաշտութեան մէջ թաղուած ըլլալով՝ կորսնցուցած է իր քրիստոնէական ոգին։







All the contents on this site are copyrighted ©.