2010-07-24 13:32:45

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք Խաչերեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս Աշգարեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Էմիրեան երէկ այցելեցին Լիբանանի հանրապետութեան նախաահ զօր Միշել Սլէյմանի։
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան անունով Գեղամ արք. Խաչերեան հաստատեց, որ հայերը միասնական են Լիբանանի վերաբերող ազգային հարցերուն շուրջ եւ կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահին։ Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն եւ ընտանիքներուն ազգային պարտականութիւնն է այդ մէկը, որովհետեւ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց պարտականութիւնը կատարելու որեւէ կարիքի պարաային։ Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց նաեւ իր մտահոգութիւնները շրջանին մէջ թրքական նոր ներթափանցումին, ինչպէս նաեւ ներ-լիբանանեան եւ շրջանային կացութեան վրայ անոր ունենալիք հետեւանքներուն մասին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Թուրքիա էր եւ կը մնայ ռազմավարական դաշնակիցը Իսրայէլի, որ ընդհանրապէս արաբ ազգին եւ յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ թշնամանք կը տածէ։ Հակառակ այն իրականութեան, որ Թուրքիա կը փորձէ արաբական հարցերու եւ մասնաւորաբար պաղեստինեան հարցի պաշտպանի դերը խաղալ, այսուհանդերձ բոլորը քաջ գիտեն, թէ Իսրայէլ եւ Թուրքիա միեւնոյն մետալին երկու երեսները կը ներկայացնեն։
՝՝ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՂԱԾ Է ԸՍԵԼԸ ԿԱՐԾԻՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ՝՝ ։
Թուրքիոյ Դատական Նախարարութիւնը արձակեց այն վճիռը թէ կարծիքի ազատութեան մաս կը կազմէ ՝՝Հայկական Ցեղասպանութիւն մը եղած է ՝՝ ըսելը։ Առաջին անգամ է որ նման վճիռ մը կ՝արձակուի Թուրքիոյ Դատական իշխանութիւններու կողմէ։ Դատական Նախարարութիւնը պաշտպանեց այն կարծիքը թէ միայն հաճելի ու լաւ նիւթերը չեն որ մաս կը կազմեն կարծիքի ազատութեան,երբեմն շատ ցնցիչ սուր ու անհաճոյ կարծիքներն ալ կարծիքի ազատութեան մաս կը կազմեն։ Դատական Նախարարութեան այս վճիռը արծակուած է Պոլոսյ ԱԿՕՍ շաբաթաթերթի խմբագիրներ Սարգիս Սերովբեանի ու Արատ Տինքի դէմ բացուած դատի կապակցութեամբ։

Ըստ Արսինէ Խանճեանի՝ Հայ Կիները Նուազ Գործօն Են Քան Եւրոպացի Կիները...
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանարմինիա».- Յուլիս 23ին տեղի ունեցաւ «Մշակոյթի քաղաքականութիւն» թեմայով բաց քննարկում մը, որ կազմակերպուած էր «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի եւ «Քաունթըրփարթ Ինթըրնաշընըլ»ի կազմակերպութեան կողմէ: Քննարկումը բաղկացած էր երկու մասերէ:
Առաջին մասով յայտնի գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ «Քաութըրփարթ» կազմակերպութեան նախագահի տեղակալ եւ հայկական ծրագիրներու ղեկավար Ալեքս Սարդարի միասին քննարկեցին հասարակութեան մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան վերաբերող հարցեր:
«Վերջին տասը տարուան ընթացքին մշտապէս Հայաստան այցելելով՝ ես նկատած եմ, որ հայ կանայք սկսած են իրենք զիրենք աւելի լաւ ձեւով դրսեւորել, փոխած են իրենց վարքը, փոխուած է նաեւ հասարակութեան մէջ անոնց կարգավիճակը: Սակայն տակաւին չեմ կրնար ըսել, որ հայ կանայք հասարակական կեանքի մէջ այնքա՛ն գործօն են, որքան եւրոպացի կանայք», յայտնած է Արսինէ Խանճեան:
Ըստ դերասանուհիին, հայ կանայք քաղաքական գործունէութեան մէջ եւս նուազ դերակատար են քան եւրոպացիք. «Ես, այո, կը տեսնեմ քաղաքականութեան մէջ հայ կիներ, սակայն անոնք քիչ են եւ բարձր պաշտօններ չեն գրաւեր»:

Արուեստի եւ քաղաքականութեան մասին խօսելով՝ Արսինէ Խանճեան նշած է, որ ԱՄՆի, Գանատայի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու պետութիւնները նիւթապէս կ՛աջակցին արուեստին: «Ատիկա բնական է, որովհետեւ ամէն երկրի քաղաքագէտները կը հասկնան արուեստի փոխկապակցութիւնը մշակոյթին եւ տնտեսութեան հետ», յայտնած է Խանճեան՝ աւելցնելով, որ իր ամուսնոյն՝ Ատոմ Էկոյեանի, հետ այցելած է հայկական տարբեր թանգարաններ եւ զարմացած է իմանալով, որ արուեստի ներկայացուցիչներ պէտք է շատ հարցեր լուծեն իրենք իրենց սեփական միջոցներով:







All the contents on this site are copyrighted ©.