2010-07-23 13:44:50

ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կարտինալ Թոռանի այցելութիւնը Թայլանտիա՝՝ քրիստոնեաները թէեւ փոքրաթիւ են սակայն անոնք մեծապէս կը նպաստեն ընկերութեան բարոյական ու նիւթական բարգաւաճումին՝՝ ։
Միջ-կրօնական յարաբերութիւններու քահանայապետական խորհուրդը յուլիս 12-19 Ասիայի միջկրօնական հաւաք կազմակերպած է Թայլանտիայի Սամբրան քաղաքին մէջ։ Այս առթիւ Կարտինալ Թոռան` նախագահը Միջկրօնական յարաբերութիւններու քահանայապետական խորհուրդի, այցելելով Թայլանտեան հանդիպում ունեցած է տեղական եկեղեցիներու եւ այլ կրօներու պատասխանատուներու հետը։ Հաւաքին կէտ-նպատակն է քննարկել կաթողիկէներու յարաբերութիւնը այլ կրօներու հաւատացեալներու հետ։ Կարտինալ Թոռան Հռոմ վերադարձին վատիկանի Ռատիոյի հետ ունեցած ելոյթով, Ծիրանւորը իր հիացումը դրսեւորած է Ասիայի Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու հովուական հարստութեան նկատմամբ ։ Եկեղեցի մը( ըսաւ ան) որ տառապեցաւ եւ գիտցաւ յաղթահարել դժուարութիւնները։ Քրիստոնեաները Ասիոյ ցամաքամասին մէջ (յարեց կարտինալ Թոռան) թէեւ փոքրաթիւ են սակայն անոնց խօսքը իր կշիռքը ունի եւ անոնց ներկայութիւնը մեծապէս կը սատարէ ընկերութեան հոգեւոր ու նիւթական վերելքին։ Ան աւելցուց ըսելով թէ ՝՝Ինտուներէն կրնանք սորվիլ մտածական եւ հասկացողութիւն իսկ Պուտտայականներէն` անջատումը նիւթական բարիքներէն ու կեանքի յարգանգը։
Նշենք թէ Թայլանտիայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը պուտտյական է։ Թայլանտիայի մէջ կան մահմետականներ եւ քրիստոնեաներ, կաթողիկէներու թիւը շուրջ 300 հազար է ։
Ճաբոնի Եամակուշիի Պուտտայական Մենաստանին՝ Կաթողիկէ Պատուիրակութեան Մը Այցելութիւնը առ ի Երախտագիտութիւն Պուտտայ Կրօնաւորներուն, որոնք քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մեծ հալածանքի օրերուն գաղտնաբար պահած էին զանոնք։
60 հոգինոց քրիստոնեայ մէկ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ հայր Մաքոէօ Օնքիի, վերջերս այցելութիւն մը կատարած է Եամակուշիի պուտտայական մենաստանին, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու պուտտայ կրօնաւորներուն որոնք յանձն առած էին զանանք գաղտնօրէն պահելու, քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքի օրերուն։ Նշենք թէ Ճաբոնի կաթողիկէ եկեղեցին ամէն տարի կը քաջալերէ իր հաւատացեալները այցելելու վերոյիշեալ մենաստանը։ Եամակուշիի մարզին մէջ լոյս տեսաւ քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը։ Նակազաքի շրջանը եղաւ խորհրդանիշը քրտիստոնեայ հասարակութեան։ Ան տուած է բազմաթիւ նահատակներ։ Արդարեւ նոյեմբեր 1988ին երանացումը կատարուեցաւ 188 ճաբոնացի նահատակներու։







All the contents on this site are copyrighted ©.