Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը
կը մասնակցի Յիսուսեաններու հիմնադիր սուրբին տօնախմբութեան։ Սուրբ Ինքնատիոս Լոյոլայի
տօնին առթիւ( հիմնադիրը Յիսուեան կրօնաւորներու միաբանութեան) Վատիկանի աստղադիտարանի
պատասխանատու յիսուսեանները մեծ ընթրիք մը պիտի սարքեն, , որուն իր մասնակցութիւնը պիտի
բերէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի շրջանի Գասդել Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամարոնցի
պարտէզին մէջ։ Նոյնպէս այդ տօնախմբութեան հրաւիրուած է Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարտինալ
Պերթոնէ։