2010-07-23 13:10:22

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

՝՝ՔՈՍՈՎՕ ՍԵՐՊԻԱՅԷՆ ԻՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՉԱԿԵԼՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՐԵՒԷ ՕՐԷՆՔ ՉԷ ԽԱԽՏԱԾ՝՝ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ՀԱ ՀԷՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ՝՝։
Լա Հէյի միջազգային դատարանը երէկ յայտարարեց, որ Քոսովոն Սերպիայէն անջատուելով եւ միակողմանի անկախութիւն հռչակելով միջազային որեւէ օրէնք չէ խախտած։ Դատարանի եզրակացութիւնը կարդաց ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի նախագահ Հիսասի Օվատան։ Ան նախապէս ըսած էր, որ Քոսովոյի անկախութեան հռչակումը չի հակասեր միջազգային օրէնքի արժեչափերուն։
Դատարանին որոշումը օրէնքի ուժ պիտի չունենայ, սակայն ինչպէս բրիտանական ՝՝Տը Կարտիըն՝՝ օրաթերթը կը գրէ, անիկա լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Քոսովոյի, ինչպէս նաեւ այլ տէ ֆաքթօ պետութիւններու եւ այն տարածքներուն վրայ, որոնք կրնան ապագային անջատուիլ։ Օրաթերթը այս ծիրին մէջ կ՝առանձնացնէ Լեռնային Ղարաբաղը, Հիւսիսային Կիպրոսը, Հարաւային Օսեթիան, Աբխազիան եւ Մերձտնեսթրը։ Առայժմ Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած են 69 երկիրներ։
Եթէ Ատրպէյճանը չընդունի Մինսկի Խումբի սկզբունքները, պիտի ընտրուին այլ ճանապարհներ (կ՝ըսէ Սերժ Սարգսեան) ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ՝՝Միասին՝՝ անունը կրող շարժման երիտասարդներուն կատարած այցելութիւնը, ճամբարի մասնակիցներուն առիթ ընծայած է Հանրապետութեան նախագահին յղելու Հայաստանի արտաքին քաղաքական վերջին զարգացումներուն վերաբերող հարցումներ։ Մասնաւորաբար հարցումներ ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին։ Երբ Ատրպէյճան ըսէ, որ կընդունի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կատարած վերջին առաջարկները, այն ժամանակ բանակցութիւնները պիտի շարունակենք, եթէ ըսէ, որ չընդունիր, ուրեմն թերեւս պէտք է այլ ելքեր փնտռել(ըսած է Սերժ Սարգսեան) ։
ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ եւ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՝՝ՎՐԴՈՎՈՒՄԸ՝՝ ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի 20 յուլիսին ՝՝Ինթըրֆաքս՝՝ գործակալութեան տրուած հարցազրոյցը վրդովում յառաջացուցած է ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մօտ։ Ազրպէյճանական սոյն վրդովումին պատճառը այն է, որ նախարար Սէյրան Օհանեան խօսած է Հայաստան - Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն, Հայաստան - ՕԹԱՆ, Հայաստան - Ռուսիա ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան մասին, այսինքն՝ այն ամէն ինչի մասին, որ այդքան կանհանգստացնէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները։
Նախարարը ներկայացուցած է զինամթերքի ձեռքբերման եւ զինուորական արդիւնաբերութեան մարզի զարգացման այն առաւելութիւնները, զորս ունի Հայաստանը իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ։ Ան քննադատած է Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է շրջանին մէջ զինուորական հաւասարակշռութեան խախտման եւ սպառազինութիւններու մրցավազքին։ Նշուած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը իսկական սպառնալիք կը հանդիսանայ շրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար։
ԱԼԻԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԳՈՐԾԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԸ (ՅԵՏ-ՄԱՀՈՒ) ՀԵՐՈՍ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ։
Ազրպէյճանական ՜՜Ազեր.Թաճ՝՝ լրատու գորածակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագրութեամբ 18 յունիսին ղարաբաղեան դիրքերուն վրայ յարձակում գործած Մուպարիզ Աղաքերիմօղլու Իպրահիմովին յետմահու Ազրպէյճանի ազգային հերոսի կոչում տրուած է ՝՝բացառիկ շնորհներու եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան համար ցուցաբերած արիութեան համար՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.