2010-07-23 13:18:42

«ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԼՈՒՌ ՎԿԱՆ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ՌՈՅԹԸՐԶ» ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ։


«ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԼՈՒՌ ՎԿԱՆ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ՌՈՅԹԸՐԶ» ԼՐԱՏՈՒ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ։
Բրիտանական ՜՜Ռոյթըրզ՜՜ լրատու գործակալութիւնը՝ անդրադառնալով Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին մատուցուելիք պատարագին, կը նշէ, որ ասիկա Թուրքիոյ կողմէ հաշտութեան եւ խաղաղութեան բարի կամեցողական քայլ մըն է։ Եկեղեցւոյ արտաքին հանդարտութեան տակ թաքնուած է մինչեւ այսօր Հայաստանը եւ Թուրքիան հետապնդող խեղուած անցեալը։ Աշխարհով մէկ սփռուած հայերը Արեւելեան Անատոլուի մէջ գտնուող այս եկեղեցին կը դիտեն իբրեւ դարեր շարունակ կատարուած բռնութեան, բռնագաղթի եւ զանգուածային կոտորածներու լուռ վկայ, կը գրէ ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ աւելցնելով Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք, որ թրքական իշխանութիւններուն 15 միլիոն տոլար արժեց, անիկա 2007-ին վերաբացուեցաւ իբրեւ թանգարան։ Եւ հակառակ եկեղեցականներու խնդրանքներուն՝ Անգարա թոյլ չտուաւ եկեղեցւոյ վրայ խաչ տեղադրել։ Սակայն որոշ ժամանակ ետք Վանի նահանգապետ Միւնիր Քարաօղլու յայտարարեց, որ մինչեւ պատարագը եկեղեցւոյ Գմբէթին պիտի դրուի Խաչ, եւ անիկա այդտեղէն պիտի չիջեցուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.