2010-07-22 13:52:54

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2009-2010 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2009-2010 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

2009-2010 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ 29 յունիս 2010-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ,Պետողլեանե սրահին մէջ, ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու։
Վարժարանի պարախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեցին 14 շրջանաւարտները եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը։ Միրէյ Այվազեան հայերէնով արտասանեց շրջանաւարտներուն խօսքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրին՝ ապահովելու համար իրենց փայլուն երթը։ Այվազեան հաստատեց, թէ վարժարանի ուսուցիչները տարիներու ընթացքին բծախնդրութեամբ կատարած են իրենց հոգատար առաքելութիւնը։ Արաբերէն ուղերձը կարդաց Թամար Պալեան, որ յայտնեց, թէ Գ. Հարպոյեան վարժարանը իր իւրայատուկ դերը ունեցած է սերունդներ պատրաստելու առնչութեամբ։ Անգլերէնով խօսք առաւ Ռոզալին Կիւլտալեան, մինչ ֆրանսերէն ուղերձը ներկայացուց Իզապէլ Վարդանեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ շրջանաւարտ Գոհար Յակոբեան, որ երգեց ,Երազ իմ երկիր հայրենիե, ,Բարի հայրիկե եւ ,Իմ մայրիկե երգերը։ Շրջանաւարտները արտասանեցին Քիփլինկի ,Եթէե ստեղծագործութիւնը։ Հանդիսութեան նաեւ ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտներու առօրեան նկարագրող լուսանկարներու հաւաքածոյ մը։
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը։ Այս առիթով բեմ բարձրացան պատրիարքի օգնական Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որոնք վկայականները յանձնեցին շրջանաւարտներուն։ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան կոչ ուղղեց աշակերտութեան միշտ ընթանալու յառաջ՝ հասնելու լաւագոյնին։ Ան աւելցուց, թէ աշակերտները պէտք է հպարտանան հայ դպրոցով, հայ ընտանիքով, հայ եկեղեցիով եւ հայ ազգով՝ նեցուկ կանգնելով այս բոլորին։
Իր կարգին, Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան նշեց, թէ պաքալորէայի գիտական բաժանմուքի յառաջացումը տուեալ պայմաններուն մէջ արկածախնդրութիւն ըլլալով հանդերձ, յաջողութեամբ պսակուեցաւ ու տնտեսական բաժնի 8 աշակերտներու կողքին, 6 շրջանաւարտներուն ներկայութիւնը արդէն ցուցանիշ է։ Ան ըսաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին դպրոցը պիտի ունենայ արուեստից բաժինի ցերեկային դասարաններ։ Պոյաճեան յայտնեց, թէ անցնող տարեշրջանին վարժարանի 64 նոր աշակերտներէն 20-ը օտար վարժարաններէ վերադարձած են հայկական վարժարան, ինչ որ քաջալերելի ձեռքբերում մըն է։
Շրջանաւարտներուն իր խօսքը ուղղելով՝ Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ անոնք արդէն մուտք կը գործեն կեանքի նոր հանգրուան, ուր հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ իրենց սուրը, իսկ քրիստոնէական կազմաւորումը՝ իրենց վահանը։ Ան յոյս յայտնեց, որ շրջանաւարտները յառաջիկային եւս կ՚արձանագրեն նոր ու աւելի մեծ յաջողութիւններ՝ օգտակար դառնալով ապագայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան, ազգին ու հայրենիքին։ Ռիթա Պոյաճեան նաեւ բաժնեց Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեաններու յիշատակին միջնակարգի եւ երկրորդականի լաւագոյն 18 աշակերտներու մրցանակները։
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինէն ետք, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն եւ կարկանդակի հատում։







All the contents on this site are copyrighted ©.