2010-07-21 14:21:54

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Մոսքուայի Կիւրեղ Պատրիարքը համախոհութէիւն կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայաապետի Գաղափարներուն։

Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքը յայտարարած է իր համացայնութիւնը ''Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի շատ մը բարոյական նիւթերու վերաբերեալ'' ու յայտնած է Օրդոտոքս Եկեղեցւոյ պատրաստակամութիւնը համագործակցելու այս նիւթերը խորացնելու եւ քննարկելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ միասին։ ''Այս Քահանայապետի ուղեգիծը լաւատեսութիւն կը ներշնչէ'' յայտարարծ է Ալէգսիս Բ յաջորդը' ''Պապը յաճախ կը քննադատուի ազատախոհ աստուածաբաններու եւ արեւմտեան հաղորդամիջոցներու կողմէ բայց եի այմպէս շատ մը բարոյական հարցերու մասին իր քաղափարները կը համամիտին Ռուսիոյ Օրդոտոքս եկեղեցւոյ գաղափարներոն''։ Այսույետեւ կարելիութիւնը կը ներկայանայ միասնաբար պաշտպանելու քրիտոնեական արժեքները նա մանաւանդ միջազգային գետնի վրայ''։ Մատնանշելով այն արդիական ազատամիտ փողոքական երեւոյթներու մասսին զանոնք նկատած է ''խիստ վտանգաւոր'' որով եկեղեցւոյ մէջ կը ներմուծեն այնպիսի աշխարհական գաղափարականներ որոնք հակարակ են եկեղեցւոյ ուսուցումներուն։

ՍԻՏԱյի միջազգային Համաժողով

18 - 23 յուլիս Վիէննայի մէջ տեղի կ'ունենայ Ը ՍԻՏԱյի միջազգային Համաժողովը մասնակցութեամբ աւելի քան 20,000 հոգիներու որոնք հետգրգրուած են այս հարցով։ Բացի գիտական գետնի վրաայ աարձանագրուած հառաջացումներէ զատ այս տարի շեշտը պիտի դրուի նաեւ մարդկային իրաւունքներու վրայ այն անձաերուն որոնք այս ախտէն։ նախատեասուած են նաեւ երկու խտացեալ հաանդիպման օրեր մէկը Կաթպղիկէ կազմաակերպութիւններու հետ եւ միւսը բոլոր միւս կրօններու այս թեմայով հետագրգրուած կազմակերպութիւններու հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.