Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը։ 2011-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան
նիւթը` ''կրօնական ազատութիւնը, ճանապարհ դէպի խաղաղութիւն''։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը
2011-ի համաշխարհային խաղաղութեան 44-րդ օրուան համար որպէս նիւթ ընտրեց ՝՝կրօնական ազատութիւնը՝՝։
Այժմէական այս նիւթը իրագործումն է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընդգծած խաղաղութեան ճանապարհին
։ 2006-էն սկսեալ Սրբազան Հայրը իր զանազան պատգամներով ու նաեւ գործունէութեամբը կ'աշխատի
հարթել խաղաղութեան ճանապարհը մարդկութեան համար, խօսելով ճշմարտութեան, մարդու արժանաւորութեան
ու մարդկային ազգին միութեան համար , պայքարելով՝ աղքատութեան դէմ եւ բնապահպանութեան
ի խնդիր ։ Կրօնական ազատութեան մերժումը ներկայ է աշխարհի մէջ - Վատիկանի գնահատումին
համաձայն- կրօնական ազատութիւնը աշխարհի վրայ ենթակայ է շատ մը սահմանափակումներու եւ
կարգ մը վայրերու մէջ նոյնիսկ ընդունուած չէ, եւ այլ կրօններու հաւատացեալները ենթակայ
են հալատանքի, հարստահարումի ու նոյնիսկ բռնութեան։ 2009-ին 37 քահանանաեր ճանչցան մարտիրոսութիւնը
։ Նշենք թէ 1968էն սկսեալ ՝՝խաղաղութեան համաշխարհային օրը՝՝ ամէն տարի յունուար մէկին
կը յիշուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ։ 2010-ի պատգամը նուիրուած էր ՝՝բնութեան պաշտպանութեան՝՝
նիւթին ։
Քահանայապետական անուանումներ։ Կարտինալ Ճանպադիսթա Ռէ Քահանայապետական
Յատուկ Նուիրակ Գլխաւորելու ՝՝Մոնդարելլա Տիրամօր՝՝ Սրբավայրի 15-րդ դարադարձի հանդիսութիւնները։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կարտինալ Ճանպադիսդա Ռէ-ն (կառավարիչը եպիսկոպոսներու
ժողովին) նշանակեց իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու Հռոմի մօտ, Թիվոլիի մէջ գտնուող
Մոնդարելլա Տիրամօր Սրբավայրի 15-րդ դարադարձի տօնակատարութիւնները, որ տեղի պիտի ունենան
յառաջիկայ օգոստոս 29ին։