2010-07-21 13:10:57

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ .


ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ .

Հայ Գրականութեան Մեծատաղանդ հեղինակներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեան ։

102 տարի առաջ, իր տան ձեղունէն ինքզինք կախելով, անձնասպան կ՝ըլլար
19 Յուլիս 1908ին, 57 տարեկան հասակին, հայ գրականութեան արտակարգ դէմքերէն ու մեծատաղանդ հեղինակներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեան։
Բացառիկ խոհականութեամբ ու կեանքի եւ մահուան, բնութեան եւ մարդուն, ընկերային արժէքներու եւ անձնակեդրոն յոյզերու մասին իմաստասիրական խոր ընկալումով օժտուած հայ գրագէտը եղաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ աշխարհաբար հայերէնը բարձրացուց գեղարուեստական մշակման նախանձելի մակարդակի եւ դարձաւ հարազատ թարգմանը մարդկային տրտմութեան ու թախիծին, յոռետեսութեան եւ անհուն դժգոհութեան խորագոյն, այլեւ ամէնէն իրաւ ապրումներուն։
Եղաւ իր սերունդի ամէնէն աւելի կարդացած եւ կարդացածը իւրացուցած ու իւրովի վերարտադրած գրագէտը։ Կենսագիրները կը պատմեն, որ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան, որ մօտէն ճանչցած էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, առիթով մը զինք ներկայացուցած է հետեւեալ վկայութեամբ. Մեր ազգին մէջ ամէնէն շատ կարդացած մարդն է այս տղան՝ Տէրոյենց պատուելիէն ետք... 1879ին Ա. Ազատախոհեան գրչանունով Եղիայի կազմած Փիլիսոփայական Բառարանը անվիճելի պատուանդանն է հայ եւ օտար գրականութեանց խոհական հսկաներուն գործերը մարսած եւ իմաստասիրական իր ուրոյն աշխարհայեացքը մշակած Տէմիրճիպաշեան Մտածողին։
Հանդիսացաւ իր ժամանակի գեղեցկագոյն աշխարհաբարի մշակներուն յառաջապահը, որ թէ գրականգեղարուեստական իր արձակով ուղղութիւն բացաւ, թէ՛ հայերէնէ ֆրանսերէն իր Բառարանով լեզուագիտական ու քերականագիտական կարեւոր ներդրում ունեցաւ արեւմտահայերէնի կատարելագործման մէջ։ Բայց յատկապէս կեանքի ունայնութիւնը մերկացնելու, Մահը դարպասելու եւ Տրտմութիւնն ու Թախիծը իբրեւ մարդու ներաշխարհին ամէնէն իրաւ էատարրերը ընկալելու եւ վերծանելու իր գրականութեամբ՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան իրաւամբ խորհրդանշեց հայ գրականութեան մեծատաղանդ, բայց խելագար Անձնասպանի կերպարը։
Եղիա ծնած էր 1851ին Խասգիւղ, Պոլիս։ Հայ ունեւորներու՝ ամիրաներու թաղամաս էր Խասգիւղ. նաեւ Տէմիրճիպաշեան գերդաստանը այդպիսին եղած էր անցեալին. բայց Եղիայի հայրը համեստ արհեստաւոր մըն էր։ Յաճախեց Ներսէսեան եւ ՆուպարՇահնազարեան վարժարանները։ Աշակերտեց իր ժամանակի մեծանուն ուսուցիչներուն՝ Թովմաս Թերզեանի եւ Մատաթիա Գարագաշեանի, բայց գիրքերը դարձուց իր բուն ուսուցիչները եւ անյագ ընթերող մը ու ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կատարելագործող անհատականութիւն մը եղաւ։
Կեանքի ասպարէզ մտաւ իրբեւ Օսմանեան Կայսրութեան Հանրային Շինութեանց վարչութեան քարտուղար, բայց կանուխէն իր մէջ ի յայտ եկած հալածախտի ազդանշանները պատճառ եղան, որ հրաժարի այդ գործէն եւ ուզէ Ֆրանսա մեկնիլ իր ուսումը շարունակելու համար։ 1874ին կը հասնի Մարսէյլ, ուր ուսման կողքին աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ատենի ֆրանսական գրական կեանքին։ 1878ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ թափով կը նետուի հրապարակագրական ասպարէզ. կը հրատարակէ Գրական եւ Իմաստասիրական Շարժում անունով իր սեփական թերթը, նաեւ կաշխատակցի տարբեր թերթերու։ 1880ականները կը հանդիսանան Եղիայ Տէմիրճիպաշեանի ամէնէն բեղուն շրջանը։

1889ին մտային անհաւասարակշռութեան ու հալածախտի նոպաները կը սաստկանան եւ կը խորանան յատկապէս մօր մահէն՝ 1890էն ետք։ Կը կատարէ անձնասպանութեան առաջին փորձը՝ Վոսփոր նետելով ինքզինք։ Բայց 1908-ի՝ 19 Յուլիսին է որ 57 տարեկանին վճռակամ կը հեռանայ մեզմէ մեծատաղանդ հայ հեղինակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.