2010-07-21 13:00:20

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ ԿԸՍԷ «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ ԿԱԽԵԱԼ Է» ։
Վրաստանի նախկին նախաահ Էտուարտ Շեւարտնածէ 1newsazի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանելով Ազրպէյճանի նախաահ Իլհամ Ալիեւի Վրաստան այցելութիւնը կը յայտնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը եւ շրջանային միւս տանապներուն ճակատաիրը կախեալ են Ռուսիոյ դիրքորոշումէն։
ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱԱ ՐՑԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ 22 ՅՈՒԼԻՍԻՆ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ վաղը՝ հինշաբթի, 22 յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը պիտի քննարկէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի՝ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածութեան հարցը։
ՀԱՅ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ` ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան հետ կապի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 17 յուլիսին Սուրիոյ փոխ-վարչապետ Ապտալլա Տարտարիի հովանաւորութեամբ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է հայ-սուրիական գործարար խորհուրդի համագումարը։ Համագումարի աշխատանքներուն մասնակցած են Հալէպի նահանգապետ Ալի Ահմետ Մանսուրա, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան, Սուրիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ պատուաւոր հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան եւ աւելի քան 200 սուրիահայ եւ արաբ գործարարներ։ Ելոյթ ունեցողները ընդգծած են, որ առեւտրա-տնտեսական համագործակցութեան մակարդակը զգալիօրէն կը զիջի քաղաքական, մշակութային եւ այլ մարզերուն մէջ, վերջին շրջանին վերընթաց զարգացում ապրող հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն եւ կոչ ուղղած են կարճ ժամկէտի ընթացքին այդ բացը գոցելու եւ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու համար։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՇԹԵֆԱՆ ՖԻՒԼԷԻ ՀԵՏ ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան հարցերով յանձնակատար՝ Շթեֆան Ֆիւլէի հետ։
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ֆիւլէ շնորհաւորած է նախարար Նալբանդեանը Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկզբնաւորման առիթով եւ նշած է, որ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութիւնը կարգ մը մարզերու մէջ էական յառաջընթաց արձանագրած է, ինչ որ լաւ նախադրեալներ ստեղծած է յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.