2010-07-20 12:58:51

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։


2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ ։
ՀՕՄ-ի 10 0 եւ ՍՕԽ-ի 90-ամեակներու բեղուն գործունէութիւնը։
Ալիս Մելքոնեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի 100 եւ ՍՕԽ-ի 90-ամեակներու բեղուն գործունէութիւնը, յատկապէս Էրեբունի մասնաճիւղի 80-ամեակի հակիրճ պատմականը՝ իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր անցուցած բոլոր հանգրուաններով։ Ան անդրադարձաւ Միջազգային կարմիր խաչի հիմնադրութեան՝ զուիցերիացի լրագրող Ժան Հանրի Տիւնանի կողմէ՝ 1863-ին, ՀՕՄ-ի ստեղծման՝ Նիւ Եորքի մէջ, 1910-ին, շնորհիւ ազգային գործիչ Է. Ակնունիի (Խաչատուր Մալումեան)։ Կազմակերպութեան յաջող եւ արդիւնաբեր գործունէութիւնը եւ օրուան ազգային իրավիճակը՝ տեղահանութիւն, եղեռն, ցեղասպանութիւն, հսկայ գործի դաշտ մը ստեղծեցին, եւ ՀՕՄ-ի բջիջներ յաջորդաբար ընձիւղուեցան նոր գաղթօճախներու մէջ, յատկապէս՝ Սուրիա եւ Լիբանան։
Դամասկոսի մէջ 1920-ական թուականներէն սկսեալ կը գործէր Հայ կարմիր խաչը, 1929-ին յառաջացաւ ՍՕԽ-ի՝ Դամասկոսի մասնաճիւղը երկսեռ վարչութեամբ եւ անդամներով։ 1935-ին ՍՕԽ-ը զուտ կանացի դիմագիծ ստացաւ շնորհիւ ազգային գործիչ Արշակ Ջամալեանի, որ այս նպատակով գործուղուած էր շրջան։
Ան ամփոփ պատկեր մը տալով միութեան գործունէութեան մասին՝ հաստատեց, թէ կազմակերպութիւնը միայն բարեսիրական նպատակներ չիրագործեր, այլ միշտ իբրեւ առաքելութիւն, յանձն առած է ազգապահպանումը՝ սատարելով հայ դպրոցին, բարձրացնելով հայուհիի գիտակցութիւնն ու զարգացումը։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Ալիս Մելքոնեան կոչ ուղղեց բոլորուիլ միութեան շուրջ՝ բարի կամեցողութեամբ զայն զօրացնելու եւ առաջնորդելու դէպի նորանոր յոբելեաններ։
Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սիլվա Ճիւլեան։ Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար 100 տարիներ առաջ հիմնուած այս հզօր կազմակերպութիւնը կը կոչուի Հայ օգնութեան միութիւն, որ կնոջական կազմակերպութիւն մըն է եւ կը գործէ միջազգային ճանաչումով ու չափանիշներով։
Ան հաստատեց, որ դար մը ամբողջ աներեր երթով յարատեւ պայքարով ու աննկուն կամքով գործունէութիւն մը ունեցաւ ՀՕՄ-ը՝ աւելցնելով, որ այս բոլորին ետին կանգնած են անձնուրաց խաչուհիներու հսկայ փաղանգ մը, անոնք վառ պահեցին ջահը եւ փոխանցեցին յառաջիկայ սերունդներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.