2010-07-19 14:42:54

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Վատիկանի արտգործ նախարարի այցելութիւնը՝ Լիբանան։
Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնիոդոսի գումարումէն չորս ամիս առաջ(որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկան Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ) Ս. Աթոռի արտգործ նախարարը` գերապայծառ Տոմենիք Մանպերթին Լիբանան այցելած է յուլիս 1-6։ Ան տեսակցութիւն ունեցած է Մարոնիներու Պատրիարք գերերջանիկ Նասրալլա Սֆէյրին հետ, կը կարդանք Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթ Օսսերվադորէ Ռոմանոյի յուլիս 18ի թիւին մէջ ։ Ան իր կեցութեան ընթացքին բազմաթիւ հանդիպումներ եւ տեսակցութիւններ ունեցած է երկրի եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ։ Գերապայծառ Մանպերթին մտահոգութեամբ ընդգծած է Միջին Արեւելքի ընդհարումներու շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու դերը Լիբանան թէ Միջին Արեւելք, մատնանշելով թէ Լիբանանը անցեալին խորհրդանիշը եղած էր համակեցութեան Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.