2010-07-19 14:41:42

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Անգլիա։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Անգլիա։
Ընդառաջելով Անգլիոյ եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններու հրաւէրին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ սեպտեմբեր 16-19 առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Անգլիա, որուն ընթացքին Երանելի պիտի հռչակէ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Ճոն Հենրի Նեուման-ը ։
Հռոմ վերադարձի նախօրեակին, աղօթքի հսկում պիտի կատարուի, որուն ընթացքին աշխարհահռչակ իրլանտացի երգիչ երեք քահանաները Սրբազան Հօր առջեւ համերգ մը պիտի տան Հայտ Բարքին մէջ, ուր կը նախատեսուի մասնակցիութիւնը աւելի քան 80 հազար հաւատացեալներու։
Աղօթքի հսկումը պիտի փակուի Ս. Հաղորդութեան թափօրով, եւ ապա երկիրպագութեամբ։ Յայտնենք թէ իրլանտացի երեք քահանաները նոր ընկերութեան մը ճշմարիտ մէկ երեւոյթն են ։ Անոնց երգերը կը միաւորեն աւանդական ու սրբազան երգեցողութիւնները ու մեծապէս գնահատուած են ու փնտռուած՝ անգլիախօս ընկերութենէն։
Նշենք որ Առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, Լոնտոնի մէջ, աշնան, նախատեսուած է ցուցադրութիւնը Ռափայէլի Գորգեակին։ Արդարեւ սեպտեմբեր 8էն-հոկտեմբեր 17, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով , Լոնտոնի մէջ պիտի ցուցադրուին Ռափայէլի չորս գորգերը, բերուած Վատիկանի Թանգարանէն։ Այդ գորգերը հիւսուած են 16-րդ դարու սկիզբները, Պրիիւքսէլի մէջ Լեւոն Ժ. Քահանայապետի խնդրանքով։ Այս գորգերը կը զարդարէին Սիքստեան Մատուռը։ Այդ գորգերու որմաթուղթերը 1865էն ի վեր կը գտնուին Լոնտոնի Թանգարանը։ Նախապէս այդ որմաթուղթերը 17-րդ դարուն կը գտնուէին արքայական պալատին մէջ, երբ Անգլիոյ Չառլս Առաջին Արքան ուզած էր գործածել զանոնք իր սեփական գորգերը ունենալու համար։ Գլուխ գործոց 4 գորգերը կը պատկերացնեն Պետրոս Առաքեալի կեանքէն դրուագներ` հրաշագործ ձկնորսորսութիւնը, ապա Յիսուս՝ Պետրոսին կը յանձնէ երկինքի Արքայութեան բանալիները, հիւանդի մը բժշկութիւնը։ Լոնտոնի ցուցարութիւնը նաեւ կը ներփակէ այլ որմաթուղթեր, որոնք ծառայեցին այդ դրուագներու աշխատասիրութեան' ճշմարիտ գլխուգործոցներ, որոնք գորգերու չափ կարեւոր են։ Նշենք թէ Ռափայէլը ապրած է 1483-1520։







All the contents on this site are copyrighted ©.