2010-07-19 13:03:22

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱԼՄԱԹԻԻ ՄԷՋ ԼԱՒՐՈՎ, ՔՈՒՇՆԵՐ ԵՒ ՍԹԷՅՆՊԸՐԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎԻ ԵՒ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԵՏ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները՝Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճէյմս Սթէյնպըրկ Ղազախստանի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Անոնք ընդգծած են, որ 10 յուլիս 2009-ին Իտալոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ձեւակերպած եւ 26 յունիսին Մոսկուայի մէջ վերահաստատած տարրերը պէտք է տագնապի արդար եւ երկարատեւ լուծման հիմք ըլլան։
Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեանց ղեկավարները ընդգծած են, որ մինչեւ օրս տագնապի կողմերուն ձեռնարկած ջանքերը բաւարար չեն եղած առկայ տարակարծութիւնները յաղթահարելու համար։ Անոնք զուշացուցած են, որ ուժի գործադրումը ստեղծած է ներկայ իրավիճակը, եւ անոր կրկնութիւնը կրնայ յանգեցնել միայն տառապանքներու, կործանումի եւ տագնապի ու թշնամանքի սերունդէ սերունդ փոխանցումին։
ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԸ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒԻՆ ՔՈԼՈՐԱՏՈՅԻ ՄԷՋ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւններէն մէկ ամիս առաջ, Քոլորատօ նահանգէն չորս թեկնածուներն ալ խոստացած են նեցուկ կանգնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող քոնկրեսական բանաձեւին։ Ծերակոյտի աթոռին ժամանակաւորապէս նշանակուած դեմոկրատական թեկնածու Մայքըլ Պենեթ, փետրուարին արդէն իսկ որոշած էր հովանաւորել Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ծերակոյտի թիւ 316 բանաձեւը, եւ խոստացած էր 2010-2011 տարեշրջանին եւս նման դիրքորոշում մը որդեգրել։ Դեմոկրատական երկրորդ թեկնածուն՝ Էնտրու Ռոմանոֆ, յունուարին հանդիսացած էր նահանգէն Ծերակոյտի առաջին թեկնածուն, որ խոստացած էր հովանաւորել Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ մը։ Հանրապետական թեկնածու Ճէյն Նորթըն, որ նախապէս նահանգին փոխ-կառավարիչը եղած է, յունուարին խոստացաւ հովանաւորել Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, իսկ հանրապետական երկրորդ թեկնածուն՝ Քեն Պաք, նման յայտարարութիւն մը կատարեց փետրուարին։ Քոլորատոյի հայութիւնը 2008 եւ 2010 ընտրութեանց ընթացքին թեկնածուներուն յղուած հարցարաններով եւ նամակներով շեշտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին նկատմամբ իրենց որոշումը ազդու դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայութեան քուէն ապահովելու նպատակին մէջ։ Այս աշխատանքը կը կատարուի յատկապէս նահանգին ՝՝Ռոքի Մաունթէյն Հայ Էտվոքէյթս՝՝ կազմակերպութեան գործիչներ Փեմըլա Պարսամ Պրաունի եւ Վի Պաշեան Քուփըրի գլխաւորութեամբ։
Քոլոլարօնահանին երկրորդ ծերակուտականը՝ Մարք Եուտալ, որ 2008-ի ընտրութեանց իր թեկնածութեան օրերուն քանի մը առիթներով խոստացած էր նեցուկ կանգնիլ Ցեղասպանութեան բանաձեւին, ծերակուտական ընտրուելէ ետք իր խոստումը չէ յարգած։ Ան 2014-ին պիտի փորձէ Ծերակոյտի անդամ վերընտրուիլ։
Թուրք Ռեժիսորը Կը Ստանայ Գլխաւոր «Ոսկէ Ծիրանը»
Յուլիս 18-ին վերջ գտաւ «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանեան 7-րդ միջազգային Կինոփառատօնը որու փակման և մրցանակներու տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Մոսկու ա» կինոթատրոնի մէջ։ Այս տարի փառատոնի ստացած շուրջ 500 դիմումներէն ընտրուած էին և ցուցադրուած մօտ 120 ֆիլմեր,որոնցմէ 45-ը մրցակցեցան 3 դասակարգերու մէջ եւ որոնք դատեցին՝ 5 միջազգային ժիւրիներ:
«Միջազգային խաղարկային ֆիլմերու մրցոյթ» դասակարգի ՝՝Ոսկէ Ծիրան՝՝ գլխաւոր մրցանակին արժանացած է թուրք ռեժիսոր Ռեհա Էրտէմի «Գոզմոզ» ֆիլմը,իսկ «Արծաթէ Ծիրան» մրցանակին՝ Սերգեյ Լոզնիցայի «Իմ ուրախութիւն » ֆիլմը։
ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՎԵՐԱՄԻԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ։
Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս Կիպրոսի վերամիացման համար թուրք կիպրացիներուն երեք կէտերէ բաղկացած իր առաջարկը ներկայացուցած է։
Կիպրոսի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Խրիսթոֆիաս առաջարկած է կալուածներու, տարածքներու եւ Թուրքիայէն եկած թուրք կիպրացիներուն հարցը մէկ գլուխի տակ արծարծել։ Ըստ տեղեկութեան, Խրիսթոֆիաս կը պահանջէ Մարասի փակ շրջանը յանձնել յոյն կիպրացիներուն, ինչպէս նաեւ Կազմակուսա նաւահանգիստը Եւրոպական Միութեան վերահսկողութեան տակ բանալ միջազգային առեւտուրին առջեւ ։
Կիպրոսի նախագահը նաեւ երաշխիքներու, ապահովութեան եւ օտար ուժերու գոյութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի կողմէ միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը առաջարկած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.