2010-07-18 12:58:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի յուլիս 18, Առաջին կիրակի վարդավառի` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան աւետարանական ընթերցումները կը խօսին Յիսուսի տուած նշանաւոր այցելութեան Մարթայի եւ Մարիամի քոյրերուն, որոնց եղբայրը Ղազար կը կուչուի։ Մարթան Յիսուսը կը հրաւիրէ իր տունը եւ անոր քոյրը Մարիամ անմիջապաէս Յիսուսի ոտքը կը նստի եւ Անոր մտիկ կ'ընէ, մինչ Մարթան հիւրասիրութեան պատրաստութեամբ զբաղուած էր։ Ջղայնացած Մարթան Յիսուսին կը մօտենայ եւ կ'այպանէ իր քոյրը որ զինք առանձին ձգած է։ Յիսուս անոր կ'ըսէ Մարթա ի՞նչու այնքան կը յօգնիս, մէկ բան միայն կարեւոր է, Մարիամ ընտրեց լաւագոյն մասը` անսալ Տիրոջ խօսքը։

Այդ պահուն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Տէրը իրենց քովն էր, Ան ներկայ է Յիսուսի մէջ, ամէն բանը պիտի անցնի ու երթայ, սակայն Աստուծոյ խօսքը յաւիտենական է եւ իմաստ ու նշանակութիւն կու տայ մեր առօրեայ կեանքին։

Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեզի կը սորվեցնէ թէ մեր բարեկամութիւնը Քրիստոսի հետ կը պահանջէ լուրջ ունկնդրութիւնը Անոր խօսքին, որ խորհրդածութիւն մըն է' Անոր Խորհուրդին ու ծառայութիւն մերձաւորին։

Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, որ աւելի ժամանակ գտնէք, մասնաւորապէս արձակուրդի ժամանակ, կարդալու եւ խորհրդածելու Աստուծոյ խօսքին վրայ, որ մեր հոգիին ճշմարիտ սնունդ է, եւ վերակենդանացուցիչ ոյժ մըն է մեր գոյատեւութեան։

Սրբազան հայրը իր խորհրդածիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.