2010-07-17 07:49:32

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ
 


Յառաջիկայ 3 հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութեամբ պիտի երթայ Բալերմօ` գլխաւոր քաղաքը Սիկիլիոյ Կղզիին։
Բալերմօ թեմի առաջնորդը գերապածառ Բաօլօ Ռոմէօ մամլոյ հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Բալերմօ թեմին ու անոնց յայտնած է այցելութեան յայտագիրը։ Արդարեւ Հոկտեմբեր 3ին Նորին Սրբութիւնը Բալերմօ քաղաքը պիտի այցելէ ընտանիքներու ու երիտասարդներու նահանգային հաւաքին առթիւ։ Առաւօտեան ժամը 10-ին բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցանէ, իսկ յետմիջօրէին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում պիտի ունենայ Սիկիլիոյ եպիսկոպոսներուն, կղերին եւ ժառանգաւորուն հետ։ Ապա հանդիպում պիտի ունենայ Սիկիլիոյ բնակչութեան եւ երիտասարդներու հետ։ Յայտնենք թէ այս առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը Սիկիլիա կ'այցելէ։



Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ սրաբազան Քահանայապետը Նիճերիոյ Իգոդ Էքփենէ Թեմին նոր եպիսկոպոս անուանեց Գերապայծառ Գամիլլուս Րայմօնտ Ումոհ, Փօրդ Հարգուրի ''Catholic Institute of West Africa'' Արեւմտեան Ափրիկէի Կաթողիկէ Ինստիտուտի Փրոֆէսսր։

Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Մըյանմարի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Կրէկորի Թայք Մաունկ-ի ներկայացուցած հրաժարականը ըստ լատինական եկեղեցւոյ կանոագրի 401րդ յօդուածի նախատեսութեան համաձայն։

Սրբազան Քահանայապետը Հայր ֆրանսիս Կզվիէ Եու Սու - իլը նշանակեց Գորէայի Զինուորական Մատրանապետ, միաժամանակ ընդունելով Հնդկաստանի Ասորի - Մալապար Եպիսկոպոս Կրէկորի Գարոդէմբրէլ Գերապայծառի հրաժարականը, անոր տեղ անուանելով Հայր Խոսէ Գիթթօ Փարամպիլը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.