2010-07-17 12:41:29

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Հօր Գործունէութիւնը։


 

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Հօր Գործունէութիւնը։

Նոյեմբեր ամսոյն մէջ Սրբազան Հայրը ուխտագնացութեան Պիտի Երթայ Սպանիոյ Ս. Յակոբի Սրբավայրը։
Իր քահանայապետութեան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Սպանիան յառաջիկայ նոյեմբեր ամսոյն սկիզբները, ուխտագնացութեան երթալով Ս. Յակոբ Սրբավայրը միաժամանակ այցելելով՝Պարսելոնայ թեմը։ Իսկ օգոստոս 2011ին նախատեսուած է Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Մատրիտ գլխաւորելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։ Նշենք թէ Սրբազան Հայրը առաջին անգամ Սպանիան այցելեց 2006ին, ուր Սպանիայի Վալէնզիա քաղաքին մէջ գլխաւորեց ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը։
Յայտնենք թէ Ս. Յակոբ Գօմբօսթելայի թեմի առաջնորդը 2010ը հռչակած է՝ Յակոբեան Սուրբ Տարի։
Պարսելոնայ թեմին մէջ Նորին Սրբութիւնը օծումը պիտի կատարէ Ս. Ընտանիքին նուիրուած Տաճարին ։ Այդ տաճարը արդէն իսկ մաս կը կազմէ մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութեան։ Անոր շինարարութիւնը սկսած էր 1883-1926 Կոտի ճարտարապետի գլխաւորութեամբ։
Սպանիայ առաքելական ճամբորդութենէն առաջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արդէն տեղափոխուեցաւ Եւրոպայի երեք վայրերը.... այսպէս յաջորդաբար ան այցելեց Մալթան` ապրիլ 17-18, Փորթուկալ մայիս 11-14, ապա Կիպրոս յունիսին,եւ հուսկ Անգլիա սեպտեմբեր 16-19։

''Գոմբոսդելա թեմը ու Եւրոպան'' ցուցահանդէսը Վատիկանի մէջ։
Յունիս 3էն -Օգոստոս 1,Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ''Գոմբոսդելա թեմը ու Եւրոպան'' ցուցահանդէսը նուիրուած Գոմբոսդելա թեմի արքեպիսկոպոս Տիեկօ Ճելմիրեզի (1059-1139), որ նախաձեռնողը եղաւ Յակոբեան Յոբելենական տարւոյն կազմակերպութեան ու յաջողութեան։ Ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ Սպանիոյ Կալիզիա մարզը, 2010 Յակոբեան Յոբելենական տարուայ համածիրէն ներս։
Նշենք որ Յակոբեան Յոբելենական տարին կը վերակոչէ Յակոբ Առաքեալի գերեզմանին յայտնաբերումը 9-րդ դարուն եւ մասունքներու զետեղումը Կալիզիա մարզին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.