2010-07-17 07:51:08

Լուրեր Քրիստոնեայ աշխարհէն
 


ԹԵՀՐԱՆ ՀԻՄՆՕՐՀՆԷՔ ,ՍԱՍՈՒՆե ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԵՒ ,ԹՈՒՆԵԱՆե ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Իրան կատարած այցելութեան առիթով, վեհափառ հայրապետին ձեռամբ եւ օրհնութեամբ սկսան ,Սասունե մանկապարտէզի եւ ,Թունեանե աղջկանց տարրական դպրոցի շինարարական աշխատանքները, որոնք հանդիպեցան իրաւական եւ գործնական խոչընդոտներու, որովհետեւ չսկսան նախատեսուած ժամանակին:
Սակայն երկար սպասումէ ետք, Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի ծրագրին եւ տրուած խոստումին համաձայն, յաղթահարելով դժուարութիւնները, քաղաքապետարանէն ստանալով շինարարական աշխատանքի արտօնութիւնը, սկսան վերակառուցման նախնական աշխատանքները: Հետեւաբար, ,Սասունե մանկապարտէզի եւ ,Թունեանե աղջկանց տարրական դպրոցի վերակառուցուող շէնքին հիմնօրհնէքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 յուլիսին։

Ասորի Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Չորեքշաբթի, 14 յուլիս 2010, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ասորի Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զիլանտայի մեթրպոլիթ Մելիս Զիա եպիսկոպոսին։
Զիա եպիսկոպոսը ակնարկեց Ասորի փոքրաթիւ համայնքին մասին Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի մէջ։ Ան վկայեց Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ողբերգական իրավիճակին մասին վերջին ժամանակաշրջանին. ինչպէս նաեւ անոնց տեղահանումը դէպի աւելի ապահով շրջաններ եւ մեծ թիւով գաղթը դէպի հարեւան երկիրներ եւ Արեւմուտք։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու համար յատուկ սիւնհոդոսին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն, Հռոմի մէջ։ Այս գծով ան յոյս յայտնեց, որ արեւելեան եկեղեցիները համերաշխութեամբ համագործակցին, աղօթելով եկեղեցիներու միութեան համար։



ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ
Դիւանական տուեալներուն համաձայն, 1730 թ., Կղեմէս ԺԲ. Քահանայապետը յորդորած է հալէպի առաջնորդ Աբրահամ Եպս. Արծիւեանը, որ Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերու հոգեւոր կարիքներով ալ զբաղի:
1734 թ., Հալէպի կաթողիկէ հայերը միաձայնութեամբ կ’որոշեն իրենց յատուկ կաթողիկոս մը ունենալ եւ առանձին հասարակութիւն կազմել. խորհրդակցաբար, կաթողիկոս կ’ընտրեն Աբրահամ Եպս.ը որ այդ ժամանակ Լիբանանի Քրէյմի վանքը կը գտնուէր:
Այդ ժամանակները, Եգիպտոս բնակող կաթողիկէ հայերը բաղկացած էին շուրջ քառասուն ընտանիքէ, կազմած էին ուրոյն հասարակութիւն մը՝ իրենց առանձին քահանայով, իրենց հոգեւոր պահանջներուն համար:
Եգիպտոսի կաթողիկէ հայերը առաջնորդելու համար, Աբրահամ-Պետրոս Ա. 1743-ին ղրկած է Յովսէփ Վրդ.ը, 1744-ին՝ Մատթէոս Վրդ.ը, 1745-ին Գէորգ Վրդ. Միքմէլճեանը,1746-ին՝ Գաբրիէլ Վրդ.ը, 1749-ին՝ Գէորգ Վրդ.ը, եւ Քրէյմի վանքին կառուցման հանգանակութիւն կատարելու համար՝ Յովսէփ Եպս.ը:
1801 թ., Նափոլէոն Պոնափարթի գրաւեալ ֆրանսական բանակին 40.000 զօրքի մեկնումէն ետք, Գահիրէի կառավարիչը՝ Նասիփ փաշա ֆրանսացիներէն վրէժ լուծելու նպատակով՝ իր զինուորներուն կը հրահանգէ անխնայ ջարդել քաղաքին մէջ գտնուած բոլոր քրիստոնեաները: Այս աղիտալի սրածութենէն ազատած հայ կաթողիկէ ժողովուրդը՝ բնակութիւն կը հաստատէ Հին Գահիրէ, որ ընդհանուր կոտորածներէն զերծ մնացած շրջան մըն էր. անոնց ապաստանարանը կ’ըլլայ՝ իր անմատչելի դիրքով եւ անառիկ ամրութեամբ, յոյներուն Ս. Գէորգ վանքը:
Երկրին խառնակ եւ շփոթ վիճակը կը պարզուի՝ երբ կառավարութեան ղեկը ձեռք կ’առնէ ալպանացի Մոհամմէտ Ալի փաշա, եւ 1811 թ. մամլուքներու բնաջնջումով, կը վերահաստատէ խաղաղութիւնը երկրին մէջ, միաժամանակ կը ձեռնարկէ ժողովուրդը խաղաղ պահելու գործին:
1820 թ. սկսեալ, հայ կաթողիկէ կաթողիկոսները քաղաքական այս բարւոքումէն քաջալերուած, Լիբանանէն Եգիպտոս կը ղրկեն անձնուէր քահանաներ՝ որոնք ժողովուրդին հաստատուն կացութիւն տալու մտահոգութեամբ, հետամուտ կ’ըլլան Հին Գահիրէի մէջ գնելու յարմար հողամաս մը՝ վրան եկեղեցի կառուցելու ջանադրութեամբ:
Սեփական աղօթատեղի չունենալով, Գահիրէի համայնքի հաւատացեալները իրենց հոգեւոր պաշտամունքը կը կատարէին լատիններու եկեղեցին, եւ ննջեցեալները կը թաղուէին անոնց գերեզմաննոցը:
Համայնքին կողմէ՝ սեփական եկեղեցի ունենալու բոլոր փորձերը ի զուր կ’անցնին, մինչեւ որ Ագշէհիրլեան Եպս.ին ջանքերով կը վարձուի տուն մը՝ որ յարմարութիւն ունէր թէ փոքրիկ մատուռ մը հաստատելու, եւ թէ քահանայի մը բնակութեան համար: Աղեքսանդրիոյ առաջին մատուռը նուիրուած է Ս. Աստուածածնի Անարատ Յղութեան 1890 թուականին: 1894 թ. այս մատուռը կը քանդուի եւ Խալիլ Խայեաթ փաշայի նուիրատուութեամբ կը կառուցուի նոր եկեղեցի մը եւ կը նուիրուի Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան: 1899 Յունուար 6-ին, բազմաթիւ դժուարութիւններէ ետք, Աղեքսանդրիոյ հայերը կ’ունենան իրենց սեփական գերեզմաննոցն ալ:







All the contents on this site are copyrighted ©.