2010-07-16 12:43:52

Մզկիթ մը՝Անտիոքի Հայկական Վեց Եկեղեցիներու Համալիրին Վրայ ։


Մզկիթ մը՝Անտիոքի Հայկական Վեց Եկեղեցիներու Համալիրին Վրայ ։
Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին, Անտիոքի Սամանտաղ կոչուած շրջանին մօտ, Եողուն Օլուք գիւղի, շուրջ 350 տարեկան հայկական 6 եկեղեցիներէ բաղկացած համալիրին վրայ, «1915-1920ական թուականներուն, գիւղէն հայերու հեռանալէն ետք» բնակութիւն հաստատած թուրքերուն կողմէ, 1940ին կառուցուած է մզկիթ մը, որ այժմ կը գործէ իբրեւ աղօթատեղի:
Գիւղացիները պատմած են, որ մզկիթը հայկական եկեղեցւոյ վրայ կառուցելուն պատճառ դարձած է «մզկիթ կառուցելու համար դրամ չունենալը», հետեւաբար, հայկական եկեղեցին մէկ տարի շարունակ օգտագործուած է իբրեւ մզկիթ: Այնուհետեւ, 6 եկեղեցիներու համալիրին վրայ անոնք կառուցած են մզկիթը, որուն տակ գտնուող եկեղեցիները գիւղացիները օգտագործած են իբրեւ խոտի պահեստ, եւ պահեստարան: Գիւղացիները նաեւ յայտնած են, որ «Ուրախ պիտի ըլլան, եթէ եկեղեցին բացուի որպէս հայերու աղօթատեղի»: Անտիոքը 1940էն ի վեր՝ Հաթայ կը կոչուի։ Նշենք, թէ հայկական 6 եկեղեցիներու համալիրով այս գիւղը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ մնացած միակ հայկական Վաքըֆլը գիւղի հարեւանութեամբ: Վաքըֆլը-ի հայ բնակիչները նոյնպէս ըսած են, թէ Եողուն Օլուքի եկեղեցին պէտք է բացուի արարողութիւններու համար: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու, եկեղեցին նորոգելու նպատակով:
Նշենք նաեւ, որ եկեղեցին զարդարուած է քարի վրայ նուրբ զարդանախշերու փորագրութիւններով, ինչպէս նաեւ հայերէն գրութիւններով: Եկեղեցիներու համալիրը կառուցուած է առողջ հիմքի եւ սիւնազարդ բազմաթիւ կամարներու վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.