2010-07-16 12:46:36

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ - ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ` ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ։
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը կը յայտնէ, որ Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան Գործակցութեան համաձայնագիրերուն վերաբերեալ բանակցութիւններուն առաջին փուլը պիտի կայանայ յաջորդ շաբաթ Հարաւային Կովկասի երեք մայրաքաղաքներուն մէջ։ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով Գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն երէկ Պաթումի մէջ յայտարարած է, որ Հայաստան, Ազրպէյճան ու Վրաստան իրենց յստակ ձգտումը ցոյց տուած են յարաբերութիւնները սերտացնելու համար Եւրոպական Միութեան հետ։ Ըստ անոր, այդ համաձայնագիրը պիտի դառնայ շարժիչ ուժ մը այս երկիրներուն մէջ ներքին բարեփոխումներուն համար։ Համարժէք համաձայնագիրերու վերաբերեալ Եւրոպական Միութիւնը ներկայիս կը բանակցի Ուքրանիոյ եւ Մոլտաւիոյ հետ։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒ ՆԵՑ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքին։ Նախագահ Սարգսեան Սիքորսքիէն խնդրած է Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիին փոխանցել իր շնորհաւորանքները նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելուն առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ վերջին շրջանին Լեհաստանի կրած դժուարութիւնները փարատին։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու մեծ ներուժ կայ։ Սիքորսքի իր կարգին ընդգծած է, որ իր երկիրը հաւատարիմ է միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներուն եւ սատար կը հանդիսանայ միայն խաղաղ միջոցներով՝ տագնապներու լուծման։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՌՈԶԵՄՊԼԻՒՄԻՆ ՀԵՏ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 14 յուլիսին ընդունեց հայ-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան յանձնախումբի ամերիկեան կողմի համանախագահ, Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ երկիրներուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան համակարգող Տանիէլ Ռոզեմպլիւմը։ Ռոզեմպլիւմ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ վստահեցուց, որ յանձնախումբը պիտի շարունակէ տնտեսական մարզին մէջ երկկողմ համագործակցութեան խորացման ջանքերը։ Երկու կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հաստատուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան գծով, ինչ որ կարելիութիւն կ՝ընձեռէ աւելի ընդլայնելու տնտեսական համագործակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.