2010-07-15 13:57:50

Կրօնաբարոյական հարցեր
59– Ազատութեամբ ծառայել


Աստուած պաշտօն մը յանձնած է մարդուն. Իր երջանկութիւնը աոահովել, թէ երկրի վրայ եւ թէ յաւիտենականութեան մէջ, միեւնոյն ատեն իր նմաններուն երջանկութիւնն ապահովելով։ Զինք կը հրաւիրէ այսպէսով ամբողջացնելու ստեղծագործութիւնը, որ սիրոյ արարք մըն է։
Արդ սէրը չի կրնար ըլլալ կաշկանդումով, ան կը պահանջէ ազատութիւն։ Աստուած մարդիկը չէ ենթարկած բնութեան կոյր օրէնքներուն. Անոնք ստեղծուած են ազատ` կամքով, ուստի եւ իրենց առաքելութիւնը կ՛իրագործեն ազատօրէն։
Սակայն յայտնի է ամէնուն այն իրողութիւնը որ ազատութիւնը կրնայ նաեւ վատ կերպով գործածուիլ. Անգամ մը որ Աստուած էակ մը ազատ կը դարձնէ, նովին գործով նաեւ մեղքը կարելի կը դառնայ, եւ մեղքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ անհնազանդութիւնը Աստուծոյ։ Որպէսզի մեղքը դադրի գոյութիւն ունենալէ, Աստուած պէտք է ջնջէ մարդուն ազատութիւնը եւ ստիպէ զինք, նման բոլոր անասուններուն, հետեւելու իր բնազդին։
Ուստի Աստուած չէ պատճառը մեղքին, ինչպէս որ ինքնաշարժ շինող մը պատասխանատու չէ այն արկածներուն` որոնք տեղի կ՛ունենան ճամբաներուն վրայ գէշ վարորդներու պատճառաւ։
Աստուած մեզի կը պարգեւէ կեանք, խելք, միտք ու կամք, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշ օգտակար ձիրքեր ու բարեմասնութիւններ, որպէսզի մենք ալ, իրեն նման կարենանք անձնական միջոցներով գործել. Ուստի չի կրնար պատասխանատու ըլլալ ինք, եթէ մենք յոռի կերպով գործածենք մեր յատկութիւնները։ Ինք բնաւ չ՛ուզեր չարը, սակայն չի կրնար անոր դէմ դնել եթէ ոչ մեզ զրկելով մեր ազատութենէն, սակայն առանց ազատութեան, մենք ինչպէ՞ս կրենանք սիրոյ գործ կատարել. Սէրը բռնի չ՛ըլլար։
Ուստի մեղքը մարդուն մէկ նախաձեռնութիւնն է. Ան մերժումն է գործակցելու Աստուծոյ, այս կամ այն պարագային մէջ։ Մեղքի հետեւանքները անխուսափելի են. Ան պիտի ցանէ անկանոնութիւնը Աստուծոյ գործին մէջ. Իսկ որովհետեւ մարդն է միակը որ պիտի օգտուի ստեղծագործութենէն, մեղքը դաժանօրէն պիտի վնասէ իրեն։
Բոլոր այն չարիքը զոր կը տեսնենք այսօր մեր շուրջը ընդհանրապէս մարդոց մեղքէն յառաջ կու գայ. Մնացեալը հետեւանքն է ֆիզիքական եւ քիմիական օրէնքներուն որոնք կը կառավարեն կուրօրէն աշխարհը։ Ինչու՞ սակայն յաճախ անմեղներն են որ կը տուժեն չարէն. Ուրիշ զրոյցի մը ընթացքին պիտի խօսինք այս նիւթին շուրջ։
Համառօտելով այն ամէն ինչ որ ըսինք մինչեւ հիմա, կրնանք հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփել մարդուն առաքելութեան մասին ինչ որ ըսինք.
Ա. Մարդուն առաքելութիւնն է գլախաւորաբար ճանչնալ զԱստուած, սիրել զինք եւ ծառայել իրեն, ինչ որ կը կատարենք օգնելով իրեն իր ստեղծագործութեան հսկայական ծրագրին մէջ։
Բ. Աստուծոյ ծառայել` կը նշանակէ ծառայել ինքիրեն եւ ծառայութիւն մատուցա-նել մեր ընկերոջ։
Գ. Սակայն այս բոլորը երեք գործեր կամ երեք առաքելութիւններ չեն, այլ միեւնոյն իրագործումն է իրականութեան մէջ. Որով Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ ընկերոջ ծառայել. Իսկ ընկերոյ ծառայել` կը նշանակէ ինք իր անձին երջանկութեան համար աշխատիլ, թէ՛ այս աշխարհի վրայ եւ թէ՛ անդենականին մէջ. Իսկ մարդ ինքիր անձին երջանկութիւնը կը գտնէ Աստուծոյ ծառայելով եւ իր ընկերոջ երյանկութեան ու բարիքին օգտակար դառնալով։
Մեր յաջորդ զրոյցը պիտի ըլլայ մարդկային բնութեան մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.