2010-07-15 13:00:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԸ ։
Արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի հրաւէրով՝ եռօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուի Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռադոսլաւ Սիկորսկիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Լեհաստանի նախարարը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ իր պաշտօնակից արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի հետ։ Այցելութեան ծիրէն ներս, նախարար Սիկորսկի երէկ առաւօտուն Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր բարձրացաւ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Երէկ կէսօրին կայացած Էդվարդ Նալբանդեանի եւ Ռադոսլաւ Սիկորսկիի հանդիպումին յաջորդեց մամլոյ ասուլիսը։
Միւս կողմէն ՝՝Լեհական Աւիաուղիներ՝՝ ընկերութեան փոխ տնօրէն Լեշէկ Նարովսկի Յուլիս 13ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Յուլիս 1էն ի վեր ընկերութիւնը թռիչքներ կ՛իրականացնէ Երեւան-Վարշաւա-Երեւան ուղղութեամբ, եւ թէ երեւանեան ուղղութիւնը մաս կը կազմէ դէպի Արեւելք ընդարձակուող ծրագիրին։
Ըստ ընկերութեան փոխ տնօրէնին, այս տարի ընկերութիւնը գործարկած է թռիչքներ դէպի Գալինինկրատ, Պէյրութ, Թալլին, Երեւան, իսկ յաջորդները կը նախատեսուին ըլլալ Թիֆլիս, Գահիրէ, Դամասկոս, Հանօյ ուղղութիւններով։ Ընկերութեան ներկայացուցիչները յոյս ունին, որ Վարշաւան հայաստանցիներուն կողմէ օգտագործուի նաեւ իբրեւ տարանցիկ կէտ՝ դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա ուղեւորուելու համար։
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ։
Խումբ մը ատրպէյճանցի լրագրողներ Երեւան կայցելեն մասնակցելու համար ՝՝Տեղեկատուութեան Ազատութիւնը Կովկասի մէջ՝՝ միջազգային խորհրդաժողովին։ Տուեալ խորհրդաժողովը երկրորդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի՝ ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան արխիւի նախաձեռնութեամբ՝ Ռուսաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի լրագրողներու մասնակցութեամբ։ Անցեալ տարի սոյն խորհրդաժողովը Թիֆլիսի մէջ կայացած էր։
ՔԵԹՐԻՆ ԷՇԹԸՆ ԵՒ ՇՏԵֆԱՆ ֆԻՒԼԷ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՆԱԵՒ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔԸ ։
Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով Գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն եւ Եւրոպական Միութեան ընդարձակման գծով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէն Պոլիս կայցելեն, ուր Երեքշաբթի օր սկիզբ առին ՝՝Եւրոմիութիւն - Թուրքիա՝՝ յարաբերութիւններու ընդլայնման շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ Թրքական կողմէ խորհրդակցութիւններուն ներկայ եղան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն եւ Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու գծով պետական նախարար Էկէմեն Պաղըշ-ը։
Այցելութենէն առաջ Շտեֆան Ֆիւլէ յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ մէջ իրականացուող բարեփոխումները կրնան դառնալ այս երկրի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շարժիչ ուժը, Եւրոպական յանձնաժողովը իր աջակցութիւնը կառաջարկէ բարեփոխումներու կատարման գծով։ Իսկ Քեթրին Էշթընը դրական միտումներ արձանագրած է գործընթացին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է Եւրոմիութեան մօտ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցով պաշտօնական բանակցութիւնները կ՝ընթանան 2005 թուականէն, սակայն, մէկ կողմէ՝ Կիպրոսի խնդրի, միւս կողմէ՝ երկրէն ներս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան բնագաւառներէն ներս առկայ իրավիճակի պատճառով, անոնք դանդաղած են։ Եւրոպական ընտանիքին Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան կընդդիմանան Գերմանիան եւ Ֆրանսան։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸՆԴՈՒՆԻ ԻՍՐԱՅԷԵԼԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱՀՍԿԻՉԸ։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ընդունեց Իսրայէլի պետութեան Պետական վերահսկիչ Միխա Լինդենշտրաուսին։ Ինչպէս Արմէնփրէսին տեղեկացուց ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակը, հանրապետութեան ղեկավարը կարեւոր նկատեց Իսրայէլի հետ բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու զարգացումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Հանրապետութեան ղեկավարը ողջունեց Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի Գրասենեակի եւ Իսրայէլի միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը ու կարեւոր նկատեց փորձի փոխանակման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.