2010-07-14 13:01:05

Եկեղեցական Տեղեկութիւններ


Սուրբ Էջմիածինը եւ Հռոմի Սուրբ Աթոռըե նոր հրատարակութիւն 
Վերջերս լոյս տեսաւ Պոլսոյ թեմի առաջնորդ Արհի. Տէր Յովհաննէս Արքեպս. Չոլաքեանի նոր հրատարակութիւնը՝ ,Սուրբ Էջմիածինը եւ Հռոմի Սուրբ Աթոռըե վերնագրով։ Ան կ’անդրադառնայ Էջմիածնի կաթողիկոսական Աթոռին յարաբերութիւններուն մասին Հռոմի սուրբ Աթոռին հետ վերջին ժամանակաշրջանին։ Գիրքը կը պարունակէ նաեւ հովուական փոխադարձ այցելութիւնները, համաձայնագիրները եւ նամակները Էջմիածնի եւ Հռոմի միջեւ։


Քահանայական ձեռնադրութիւն Յորդանանի մէջ
 
Ուրբաթ, 2 Յուլիս 2010, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի լատիններու ,Յիսուս Թագաւորե եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը Զմմառու Արծիւեան միաբան՝ հայր Վարագ աւազանի անունով ՌաՖՖի Սրկ. Պէրպէրեանի, ձեռամբ՝ Արհի. հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գերյ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ հայր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, հայր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեան եւ հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:
Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Լիբանանի ,Կռունկե երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Տիար Էտուարտ Թորիկեանի:
Ձեռնադրութենէն ետք, գերապայծառ Տէրը, Զմմառեան միաբանութեան մեծաւորը, նորօծ վարդապետը ու ծնողները եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ընդունեցին շնորհաւորանքները:
Նորօծ վարդապետը՝ Գերպ. Վարագ Վրդ. Պէրպէրեաը իր անդրանիկ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագն ու քարոզը մատուցեց Շաբաթ 3 Յուլիս 2010, երեկոյեան ժամը 5:00-ին: 







All the contents on this site are copyrighted ©.