2010-07-13 12:42:41

Լուրեր Հայկական Կեանքէն


“Հայ Մանկավարժ” հանդէսի երկրորդ` “Գարուն 2010” համարը

Ընթացիկ տարուան Յունիսին, Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ “Հայ Մանկավարժ” ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսի երկրորդ` “գարուն 2010” թուագրեալ համարը` հրատարակութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի “Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի” կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին: Առաջին համարը լոյս տեսած էր Փետրուարին:
Հանդէսի այս համարը կը պարունակէ մանուկներու հոգեբանութեան, մանկավարժական տեսութեան, գործնական մանկավարժութեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցման վերաբերող ութ տարբեր գրութիւններ` ստորագրուած նշեալ մարզերուն մէջ մասնագիտական պատրաստուածութիւն ունեցող հեղինակներու կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական բնոյթի գրութիւններ` վերջաւորութեան:
Յետ խմբագրականին, “Մանկավարժական Հինգ Հարցեր” խորագրեալ առաջնորդող գրութեամբ մը, որ ամփոփումն է “Հայ Մանկավարժ” հանդէսի հիմնադրութեան նուիրուած հանդիսութեան իր արտասանած խօսքին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ` վերապտուելի դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան կ’առաջադրէ քննարկումը մանկավարժական հրատապ հինգ հարցերու, որոնք կը ծառայեն իբրեւ կարեւորագոյն որոշիչներ` մանկավարժական առաքելութեան:
Յաջորդ գրութիւնը` “Ուսուցիչներու կեցուածքը` ընդգրկման հանդէպ” վերնագրով, ստորագրուած է ԱՄՆ Օքլահոմայի համալսարանի հոգեբանութեան դոկտորի թեկնածու, նոյն համալսարանին կից` մանուկներու մօտ օթիզմի երեւոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար տիկին Անի Պաղտայեանի կողմէ:
Մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասախօս Տիկին Շաղիկ Խիւտավերտեան ներկայացուցած է “Ներմղում” վերնագրեալ յօդուածը, ցոյց տալու համար նշեալ գործօնին վճռական նշանակութիւնը` աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւններուն, մանկավարժին գործունէութեան եւ աշակերտին ուսումնառութեան գործընթացին մէջ:
“Հայ Մանկավարժ”-ի այս համարին մէջ կը կարդանք հարցազրոյց մը տարրական դասարաններու համար նախատեսուած հայերէն լեզուի “Չորս եղանակ” խորագիրով դասագիրքի հեղինակ տիկին Աղաւնի Ֆստըգճեան-Առաքելեանի հետ: Ապա, “Հայ Մանկավարժ”-ի խմբագիր տիկին Եւա Գորէսեանի թարգմանութեամբ ներկայացուած է ամերիկացի հոգեբան-մանկավարժ Քէն Շորի մէկ ամփոփ վերլուծութիւնը` դասի գրաւոր քննութեան ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուող օրինազանցման փորձերը կանխարգիլելու մասին:
“Հայ Մանկավարժ”-ի այս համարով, հայերէն լեզուի դասագիրքերու հեղինակ Պրն. Կարօ Առաքելեան կը բանայ “Պահպանենք Մայրենին” շարքը, որ, հեղինակին բնորոշմամբ, “ուղղուած է բոլոր անոնց, որոնք նախանձախնդիր են իրենց հայերէնը սրբագրելու, յղկելու եւ զարգացնելու”:
Համարի մասնագիտական նիւթերու շարքի վերջաւորութեան, ուսուցիչներու համար ներկայացուած են համացանցի աղբիւրներ` աշակերտներու նկարագրային կազմաւորման ուսուցման վերաբերեալ: Համարը կը փակուի “Հայ Մանկավարժ”-ի շնորհանդէսին եւ անոր պատասխանատուներուն Հայաստան կատարած աշխատանքային այցելութեան մասին տեղեկատուական ակնարկներով: Հրատարակուած են նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի, կրթութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանի եւ Խ.Աբովեանի անուան հայկական պետական
մանկավարժական համալսարանի նախագահ պարոն Արտուշ Ղուկասեանի ուղերձները` հանդէսի հիմնադրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հասած արձագանգներ` առաջին համարի բովանդակութեան մասին: Հրատարակուած կը տեսնենք նաեւ բառարան` համարին մէջ օգտագործուած մասնագիտական որոշ եզրերու:
“Հայ Մանկավարժ”-ի երկրորդ` “գարուն 2010” թուագրեալ համարը կը բաղկանայ 72 էջերէ: Հանդէսը այսուհետեւ պիտի հրատարակուի 1000 տպաքանակով: Հանդէսը արդէն իսկ ունի իր ելեկտրոնային տարբերակը /a> կայքէջին վրայ: Անիկա շուտով պիտի ունենայ նաեւ իր պլոկը` քննարկումներու համար:
“Հայ Մանկավարժ” ստանալու, անոր բաժանորդագրուելու կամ աշխատակցելու համար կարելի է դիմել Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 961 1 570559, հեռատիպ` 961 1 570562, ել.հասցէ` /a>
“Հայ Մանկավարժ”ի առաջին տարուան առաջին համարի / ձմեռ 2010 / ամբողջական բովանդակութեան կարելի է ծանօթանալ այցելելով համացանցի վրայ հետեւեալ էջը`

Դասական Համերգ՝ ի նպաստ արուեստագիտուհի Մարի - Ռոզ Պէրպէրեանի
Յունիս 5-ին Մոնրէալի Սեն-Լորան եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ ,Էմփերեալե նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ 23-ամեայ Լոռի Անդունեանի։
Ելոյթին բեմ բարձրացան մօտ 100 պատանիներ, որոնք Մոնրէալի ,Փիեռ Լափորթե երկրորդական դպրոցի երաժշտական բաժնի երգչախումբն են։ Երգչախումբն ու 30 հոգիէ բաղկացած նուագախումբը ներկայացուցին հայերէնով երգուած ,Կիլիկիաեն։
Փիեռ Լափորթի տնօրէնուհի Ֆրանսին Փեփեն իր սրտի խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց Լոռի Անդունեանը՝ իբրեւ մանկավարժ, շնորհակալութիւն յայտնելով աշակերտներուն՝ իրենց թափած ճիգին համար։
Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաքելական Եպիսկոպոսութիւն
Թեմը հիմնադրուած է 18 Յուլիս 1989-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ, Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոսի օրով. Իսկ առաջին առաջնորդը եղած է Գերապատիւ Տէր Վարդան Պօղոսեան.
Թեմի անդամներուն ներկայի մօտաւոր թիւն է 14000 հաւատացեալներ.
Թեմը կը բաղկանայ երկու ժողովրդապետութիւններէ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւն. ժողովրդապետն է Գերապատիւ Տէր Պօղոս Հաքիմեան.
Եւ Զմմառու Ս. Կոյս Մարիամ Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւն. Ժողովրդապետն է Հա յր Անտոն Քեչեճեան.
Թեմէն ներս կը գործեն երիտասարդական-պատանեկան, մշակութային, մարզական եւ կնոջական մութիւններն են եւ Ժողովրդապետական երգչախումբը Սէն Բաուլոյի մէջ.
Թեմէն ներս երգչախումբ, թատերախումբ, պարախումբ արուեստի խմբակներ, ստեղծագործական միաւորումներն են:
Համայնքային, ազգային եւ պետական կեանքին մէջ աչքառու անձնաւորութիւններու ցանկը կ՝ընդգրկէ Պրազիլի մէջ Տիար Գարլոս Խերլաքեան որ երեսփոխան է եւ Տիար Ֆերնանտօ Քասպարեան որ նաեւ երեսփոխան է







All the contents on this site are copyrighted ©.