2010-07-12 14:53:28

Վատիկանի Ձայնասփիւրի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի ՝՝Գուպայէն Լաւ Լուրեր՝՝ տիտղոսով շաբաթական խմբագրականը։


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին այս շաբթուայ իր խմբագրականին մէջ կ'անդրադառնայ
Գուպայի մայրաքաղաք Հավանայի Արքեպիսկոպոսութեան Հաղորդագրութեան, որուն մէջ կը խօսուի 52 այլախոհ բանտարկեալներու ազատ արձակման մասին, ինչպէս նաեւ այլախոհ բանտարկեալ լրագրող Կուլլիելմօ ֆարինասի հացադուլի ընդհատումի մասին որ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին կը նկատէ ''շաբաթներէ ի վեր սպասուած լաւ լուր''ը ։ Կարեւոր նշաններ են որ յուսանք մօտ ապագային հաստատ յառաջդիմութիւններ ցոյց տան Գուպայի ընկերային-քաղաքական համակեցութեան նորոգուած միջավայրէն ներս։
Գուպայի երկխօսութեան յառաջխաղացումի գծով' Կարտինալ Օրթեկա Ալամինոյի եւ Գերապայծառ Տիոնիզօ Կարսիա-ի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահի' կատարած վճռական դերը կարելի եղաւ,Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ խոր արմատներուն Գուպայի ժողովուրդի մէջ, եւ անոր ակնկալութիւններուն թարգման հադիսնալուն շնորհիւ։ Եկեղեցին օտարական մը չէ ու դժուարութիւններու պարագային չի լքեր իր ժողովուրդը։ Ան համբերութեամբ եւ արժանապատւութեամբ կ'ապրի տառապանքը,յոյս ներշնչելով, առանց ստրկամտութեան դիմելու եւ առանց լարուածութիւններ գրգռելու' ընդհակառակը ան յարատեւ ջանք կը թափէ որպէսզի կարելի ըլլլայ ընթանալ՝ միասնաբար երկխօսութեան եւ իրար հասկացողութեան ճանապարհէն ։

Սուրբ Աթոռը իր կարգին հոգեւոր զօրակցութեամբ եւ միջազգային հեղինակութեամբ կ'ընկերանայ եւ նեցուկ կը կանգնի տեղական եկեղեցիին ։

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայեպետին Գուպայ այցելութիւնը եւ վերջերս Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Դարչիզիօ Պերդոնէի եւ Վատիկանի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերդիի ճամբորդութիւնները ինչպէս նաեւ Վատիկանի դիւանիգիտական կապերը Գուպայի կացութեան ի խնդիր ապացոյցերն են Սուրբ Աթոռի բռնած դիրքին որ դէմ է Գուպայի դէմ կիրարկուած շրջափակումի քաղաքականութեան, ուստի Հռոմի Եկեղեցին զօրակից կը հանդիսանայ ժողովուրդի դժուարութիւններուն ու տարապանքին եւ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու ոեւէ շինիչ հեռանկարով երկխօսութեան ։

՝՝Թող Գուպան բացուի աշխարհին ու աշխարհը բացուի գուպային՝՝ ըսած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը իր 1988ի անմոռարնալի այցելութեան ընթացքին։ Այդ օրէն ի վեր կարեւոր յառաջդիմութիւններ արձանագրուեցան այս ուղղութեամբ։ Մեր յոյսն է (կ'եզրափակէ Հայր Լոմպարտին) որ այս ճանապարհը չ'ընդհատի։







All the contents on this site are copyrighted ©.