2010-07-12 14:46:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը

Կիրակի յուլիս 11 ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասդելկանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցի պալատի ներքնաբակին մէջ,ի ներկայութեան բազմահարիւր հաւատացեալներու ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.
Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր (ըսաւ ան) ինչպէս գիտէք միքանի օրէ ի վեր Հռոմը թողելով փոխադրուեցայ հոս Գասդելկանտոլֆոյի ամարանոցը։ Աստուծոյ փառք կու տամ որ ինծի այս հանգստեաան առիթը կը շնորհէ։ Այս գեղեցիկ վայրի սիրեցեալ բնակիչներուն իմ սիրալիր ողջոյնս կ'ուղղեմ։
Այսօրուայ Սուրբ Աւետարանը կը սկսի հարցումովը Օրէնսգետի մը որ կ'ուղղէ Յիսուսին։ Յիսուս իմանալով այդ մարդուն սուրբ գիրգի մասնագէտ ըլլալը կը հրաւիրէ զայն տալու պատասխանը եւ օրէնսգետը յստակօրէն կը պատասխանէ մէջբերելով երկու պատուիրաններ ''սիրել զԱստուած բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով, բոլոր ուժով եւ բոլոր մտքով ու սիրել ընկերը իր անձին պէս։ Օրէնսգետը ուզելով ինքզինք արդարացնել կը հարցնէ ''ո՞վ է իմ ընկերս''։ Այս անգամ Յիսուս կը պատասխանէ ''Բարի սամարացիի'' առակով, ընդգծելով որ մեզմէ կախեալ է, թէ ո՞վ կրնայ ըլլալ մեր բարեկամը։ Սամարացին հոգ կը տանի անծանօթի մը ,մինչ քահանայ մը եւ Ղեւտացի մը անցնելով այնտեղէն, կիսամեր մարդուն ոչ իսկ նայուածք մը կ'ուղղեն։ Այս առակը պէտք է մեր տրամաբանութիւնը ձեւափոխէ ու զայն դարցնէ նման Քրիստոսի տրամաբանութեան որ է ''գթութեան տրամաբանութիւն' ը'։ Աստուած սէր է եւ զինք փառաբանելը կը նշանակէ մեր եղբայրներու ծառայել անկեղծ եւ նուիրեալ սիրով։
Այս աւետարանի պատմուածքը մեզի կը ներկայացնէ ''չափաւոր դատանիշը'' այսինքն սիրոյ տիեզերականութիւնը որ կը ձգտի կարօտեալին կարիքը հոգալու, ով որ ալ ըլլայ ան։ Այս տիեզերական կանոնին հետ ուրիշ եկեղեցական կարիք մը կայ, այն է՝եկեղեցւոյ մէջ, որպէս ընտանեկան օճախ ոչ մէկ կարօտեալ պետք է տանչուի։ Քրիստոնեայի մօտեցումը, հետեւելով Յիսուսին, ''բաց սիրտ մը ըլլալու է'' եւ հոն ուր սիրոյ կարիքը կայ ան պէտք է որ միջամտէ։
Սիրելի Բարեկամներ( աւելցուց նորին սրբութիւնը) կ'ուզեմ նաեւ յիշեցնել թէ այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Նորչիայի Սուրբ Պենետիկտոսը, Իմ քահանայապետութեանս Պաշտպանը, որ Պողօս Զ . երջանկայիշատակ Քահանայապետը հռչակած է Եւրոպայի պաշտպան սուրբը՝ 24 հոկտեմբեր 1964 ին։ Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով՝՝Աստուածամօր հովանաւորութեան կը յանձնեմ մեր քայլերը եւ ի մասնաւորի այս արձակուրդի շրջանը, որպէսզի մեր սիրտերը միշտ հետեւին Աստուծոյ խօսքին եւ երբէք չմոռնանք դժուարութեան մէջ գտնուող մեր եղբայրները ՝՝։

Խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները իրենց մաղթելով որ արձակուրդի ներկայ շրջանին առաւել չափով ամրապնդեն իրենց հաւատքը։ Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ հաւատացեալներէն, մաղթելով Բարի Կիրակի մը բոլորին,հայցելով միաժամանակ Աստուծոյ Օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.