2010-07-12 12:37:13

ԵՐԵՒԱՆԻ ՝՝Ոսկէ ծիրան ՝՝ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ։


ԵՐԵՒԱՆԻ ՝՝Ոսկէ ծիրան ՝՝ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ։
11Յուլիս, Կիրակի օր, Երեւանի ՝՝Մոսկուա՝՝ շարժապատկերի սրահէն ներս, բացումը կատարուեցաւ ՝՝Ոսկէ ծիրան՝՝ փառատօնին։ Նախապէս Երեւանի Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ծիրաններու օրհնութեան աւանդական արարողութիւնը։ Շարժապատկերի փառատօնին մասնակցելու համար Երեւան ժամանեցին իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Գլաուտիա Քարտինալէ, բեմադրիչներ Ատոմ Էկոյեան եւ Սերժ Աւետիքեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, եւ շարժապատկերի աշխարհի այլ անձնաւորութիւններ։ Հետզհետէ համբաւ շահող Հայաստանի շարժապատկերի փառատօնը, իր կարգին 7-րդն է այս տարի։ Փառատօնին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են 500 մասնակիցներ՝ 70 երկիրներէ։ Փառատօնի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հանրի Վերնէօյի ՝՝Մայրիկ ՝՝ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, Մոսկուա շարժապատկերի Կարմիր Սրահէն ներս։ 1947ին, Հ. Վերնոյ, իսկական անունով՝ Աշոտ Մալաքեան, կարճ ֆիլմի ծրագիրի մը գաղափարը կը ներկայացնէր այդ օրերուն Ֆրանսայի ամենանշանաւոր դերասան Ֆերնանտելին։ Դերասանը կը հաւնէր գաղափարը, Վերնոյ շարժապատկերը կը բեմադրէր եւ Ֆերնանտելի հետ անոր համագործակցութիւնը կը շարունակուէր՝ առիթ ընծայելով իրականացնելու մեծ թիւով ժապաւէններ։ Հ. Վերնոյ իր ֆիլմերուն գծով աշխատակցած է նաեւ այլ աշխարհահռչակ դերասաններու հետ, ինչպէս՝ Գլաուտիա Գարտինալէ, Անթոնի Քուին, Եուլ Պրայնըր, Ժան Կապեն, Հենրի Ֆոնտա, Ժան Փօլ Պելմոնտօ, Ալան Տըլոն, Իվ Մոնթան եւ այլն։ 1996ին, իր կեանքի ընթացքին ֆիլմարուեստին մէջ ունեցած վաստակին համար, Հանրի Վերնոյ ստացաւ պատուոյ Սեզարը (ֆրանսական Օսքար)։ Ան իր մահկանացուն կնքեց Յունուար 2002ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.