2010-07-10 12:17:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ
Անցեալ չորեքշաբթի, յետ միջորէին, Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Հռոմի մօտ Գասթէլ Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը, ամառնային արձակուրդը անցնելու։ Ի լուր Քահանայապետի ժամանումին, տեղւոյն բնակիչները
դիմաւորեցին Քահանայապետը, Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած շնորհակալական իր խօսքին մէջ ըսաւ։ ''Սիրելի բարեկամներ այսօր սկիզբ կ՝առնէ արձակուրդի շրջանս եւ շատ ուրախ որ ձեր մէջ գտնուելուս համար, շրջապատուած բնութեան եւ պատմութեան գեղեցկութիւններով եւ ձեր ինծի հաճելի ներկայութեամբը եւ բարեկամութեամբ։ Սրտանց շնորհակալ եմ։ Ձեզ բոլորդ կ'օրհնեմ(ըսաւ Սրբացան Հայրը եզրափակելով իր խօսքը)։
Յիշենք որ չորս դարէ ի վեր Հռոմի Քահանայապետները' ամառուայ շրջանին' կը փոխադրուին Հռոմէն ոչ շատ հեռու գտնուող Գասթէլկանտոլֆոյ գիւղաքաղաքի Քահանայապետական ամառանոցը, իրենց արձակուրդի շրջանը անցնելու։ Ուրբանօս Ը. երջանկայիշատակ Քահանայապետը առաջին Քահանայապետը եղած է որ այս սովորութիւնը ներմուծած է ՝՝Հռոմէական Դղեակներ՝՝ կոչուած (castelli romani) շրջանին մէջ հաստատելով Քահանայապետական Ամառանոցը։
Քահանայապետի ներկայութիւնը կարեւոր դէպք մը կը ներկայացնէ տեղւոյն բնակիչներուն համար, քանի փոփոխութեան կ'ենթարկէ նաեւ տեղւոյն հաւատացեալներու ժողովրդապետական կեանքը, ինչպէս օրինակ Կիրակի օրերու պատարագի ժամերուն փոփոխութիւնը 11,30-ը 11 ին կնխելով կարելիութիւն կը տրուի համար բոլորին, մասնակցելու Քահանայաապետի կիրակնօրեայ Կեսօրուայ Մարեմեան Աղօթքին։
Նշենք թէ արձակուրդի այս շրջանին Սրբազան Քահանայապետի ունկընդրութիւնները ընդհանրապես կը դադրին բացի կիրակի օրուայ Մարեմեան Հրեշատակ Տեառն աղօթքէն որ Սրբազան Քահանայապետը կ'արտասանէ Գասթէլ Կանտոլֆոյի ամարանոցի պատշգամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.