2010-07-10 12:17:10

Կիրակի 11 Յուլիս 2010 ՎԱՐԴԱՎԱՌ - Բարուօք է մեզ աստ լինել


Կիրակի 11 Յուլիս 2010
ՎԱՐԴԱՎԱՌ
Բարուօք է մեզ աստ լինել
Թափօր լերան վրայ Քրիստոս իր փառքը կը յայտնէ առաքեալներուն. Սակայն իր նպատակն է պատրաստել զիրենք ուրիշ յայտնութեան մը, աւելի տխուր, իր չարչա-րանքներու եւ խաչելութեան յայտնութեանը. Որպէսզի անոնք յետագային բոլորովին չյուսալքուին իր մահուան ի տես, ցոյց կու տայ նախ պայծառացեալ վիճակը որուն մէջ կը գտնուի եւ փառքը որուն պիտի հասնի իր մարմինը, նման Եղիայ մարգարէին, որ վերացաւ դէպի երկինք առանց մահը ճաշակելու։
Իբրեւ Աստուած, եւ Հրէաներու համար` Աստուծոյ որդի, Յիսուս պէտք ունի երեւելու Հրէայ մարգարէներուն հետ. Մովսէս եւ Եղիա կը վկայեն իր աստուածութեան եւ փառաբանութիւն կը մատուցանեն իրեն։ Անոնք կը պատուեն զինք կենալով իր աջ ու ձախ կողմը, նման թագաւորի մը իշխաններուն կամ արարողութեան մը սպասաւոր-ներուն։ Անոնք մտերմօրէն կը խօսին Յիսուսի հետ եւ կը դիտեն անոր պայծառացած դէմքը։ Առաքեալները որոնք լեցուած են զմայլանքով, չեն յաջողիր իրենց աչքերը հեռացնել այս երկնային տեսարանէն ու Պետրոս, իր ընկերներուն զգացումը յայտնելով` կը բացագանչէ. Տէր, բարւօք է մեզ աստ լինել, այսինքն ինչ լաւ կ՛ըլլայ որ հոս մնանք. Կ՛ուզենք շարունակ հոս ըլլալ ականատես այս զմայլելի տեսարանին. Կը խնդրենք, թող չհեռանայ մեզմէ այս տեսիլքը։
Մօտօրէն մեզմէ շատեր պիտի գտնուին արձակուրդի մէջ. Անշուշտ գեղեցիկ ու տեսարժան վայրեր կ՛ընտրենք, ինչպէս նաեւ հանգստաւէտ շրջաններ մեր կազդուրման համար. Մենք ալ պիտի ուզենայինք երկարել մեր արձակուրդները եւ շարունակել մնալ ու վայելել հաճոյալի այդ դրախտները. Եւ սակայն մեր առօրեայ պարտականութիւնները կը կանչեն մեզ. Հարկ է դառնալ իրականութեան եւ կեանքի դժուարին պայմաններուն. Բայց կը զգանք որ այդ հաճելի ժամերն ու օրերը զոր անցուցինք արձակուրդի ատեն` մեզ կազդուրեցին եւ մեզի ուժ տուին դիմագրաւելու մեր առօրեայ այնքան միապաղաղ կեանքը, մեզ լեցուցին նոր շունչով ու նոր եռանդով։
Երեք ընտրեալ առաքեալները, Պետրոս, Յակոբ եւ Յովհաննէս, վայելելէ ետք պայծառակերպութեան լուսաւոր ու փառապանծ վայրկեանները, պիտի կարենան դիմակալել այլեւս իրենց Տիրոջ` Քրիստոսի դաժան ժամերը. Եթէ անոնք լիացած չըլլային պայծառակերպութեան լոյսով եւ Յիսուսի փառաւորութեան պատկերով, կրնային գայթակղիլ տեսնելով անոր անարգ խոնարհեցումը եւ այնուհետեւ կորսնցնել իրենց յոյսն ու ապաւէնը իրենց Տիրոջ հանդէպ, ինչ որ վստահաբար պիտի առաջնորդէր զիրենք դէպի կորուստը հաւատքի եւ ժխտումը իրենց առաքելական կարեւորագոյն պաշտօնին, որ է ըլլալ Քրիստոսի պատգամը տարածողներ։
Սուրբերու կեանքը միշտ չէ եղած լի մխիթարութիւններով. Յաճախ անոնք քալած են թանձր խաւարին մէջէն եւ յուսալքուած են, կարծելով թէ Աստուած զիրենք կը լքէ. Բարեբախտաբար Տէրը երբեմն երբեմն իրենց տուած է լուսաւորման ու մխիթարութեան զմայլելի պահեր, որպէսզի դարձեալ զօրանայ իրենց մէջ հաւատքն ու սէրը դէպի Փրկիչը մարդկութեան։ Մենք որ կը դիմենք սրբութեան, խնդրելու ենք ու թախանձագին աղօթելու որպէսզի Տէրը շնորհէ մեզի ալ լոյսի պահեր, որպէսզի չյուսահատինք դժուարութիւններու առջեւ, այլ հաւատարմօրէն քալենք իր ետեւէն, վստահ ըլլալով որ մեզի պիտի պարգեւէ յաւիտենական երջանկութիւնը իր արքայութեան մէջ. Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.