2010-07-10 12:17:37

Կարտինալ Օրթէկան կը տեսակցի Նախագահ Ռաուլ Քասդրոյի հետ եւ 52 տարակարծիք բանտարկեալներու ազատ արձակումը կը յայտարարէ։  


Կարտինալ Օրթէկան կը տեսակցի Նախագահ Ռաուլ Քասդրոյի հետ եւ 52 տարակարծիք բանտարկեալներու ազատ արձակումը կը յայտարարէ։
Հավանայի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ճայիմ Օրթեկա-ն, Գուպայի Նախագահ Ռաուլ Քասդրոյի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, ներկայութեամբը Սպանիոյ եւ Գուպայի արտաքին գործոց նախարարներուն յայտարարած է' 52 տարակարծիք բանտարկեալներու աազատ արձակումը ինչպէս նաեւ ուրիշ 6 բանտարկեալներու փոխադրումը իրենց բնակավայրերու մօտ գտնուող բանտերը (կը գրէ Հավանայի Արքեպիսկոպոսութեան հրատարակած հաղորդագրութիւնը) ուր կը նշուի նաեւ թէ 2003 ի տեղի ունեցած ձերբակալութիւններու հետեւանքով բանտարկուած այլ 47 բանտարկեալներ եւս մի քանի ամիսներու ընթացքին ազատ պիտի արձակուին եւ պիտի կարենան իրենց երկիրները վերադարնալ։ Այս յառաջխաղացումը(կը նշէ հաղորդագրութիւնը) բանտարկեալներու ընտանիքներու կողմէ ԿարտինալՕրթէկային ներկայացուցած առաջարկներու վրայ հիմնուած է։
Գոհունակութիւնըս կը յայտնեմ այս հարցի բերումով Եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերինառնչութեամբ (յայտարարած է Սպանիոյ արտգործ Նախարարը' Մարթինոս)աւելցնելով ''կը յուսամ որ մօտ օրէն հասնինք ակնկալուած արդիւնքներուն։
Առ այժմ կախեալ կը մնայ տարակարծիք Կուլիէրմօ ֆարինաս լրագրողի հարցը որ երեք ամիսէ ի վեր հացադուլի դիմած է եւ առողջապահական շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Այս կացութիւնը մեծապես կը մտահոգէ ըլլայ Գուպայի Կառավարութիւնը ըլլայ Եկեղեցին եւ ըլլայ Հանրային կարծիքը։
''Իսկական ազատութեան կը ձգտինք'' յայտարարած է Լաուրա Բոլլանը' բանբերը այսպէս կոչուած ''սպիտակ զգեստով տիկիններ'' միութեան, որուն անդամակիցներն են բանտարկեալներու տիկինները եւ անոնց ընտանեկան պարագաները։ Այս օրերուս Միացեալ Նահանգներու գրեթէ բոլոր կառավարութիւնները հասարակաց գոհունակութիւն յայտնած են եկեղեցւոյ միջամտութեամբ յառաջ բերուած այս քայլերուն զանոնք նկատելով ''քաջալերական եւ դրական''։







All the contents on this site are copyrighted ©.