2010-07-10 14:07:40

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

 
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՐԻՐԻ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ։
Ուրբաթ 9 Յուլիս ին , Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրիի : Այցելութեան հիմնական նպատակը Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցութիւն յայտնել էր իր հօրը մահուան առիթով: Սակայն, հանդիպումը առիթ մը եղաւ որ Վեհափառ Հայրապետին ու Վարչապետին միջեւ քննարկուին Լիբանանի ու ընդհանրապէս շրջանի առնչուած հարցեր: Վարչապետը Վեհափառ Հայրապետին բացատրեց ներկայ կառավարութեան, նաեւ իր մօտեցումները՝ Լիբանանը յուզող կարգ մը հարցերու գծով, շեշտելով երկրէն ներս կայունութիւն հաստատելու ու տնտեսական զարգացման ոյժ տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունեց Վարչապետին յաճախակի այցելութիւնները ու հանդիպումները արտաքին աշխարհին մէջ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն Լիբանանի կարեւորութիւնը վերաշեշտելու՝ միջազգային համայնքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

ՎԱԽՃԱՆԱԾ ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՓՐՈֆ.ԿԱՐՕ ԼՈՒԿԱՍ(ԿԱՐՕ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ) ։
Յուլիս 8-ին, 59 տարեկան հասակին քաղցկեղի անողոք հիւանդութեան պատճառաւ վախճանած է ՝՝ուշիմ համակարգեր՝՝ (Intelligent Systems) ասպարէզի անուանի գիտնական Փրոֆէսոր Կարօ Լուկասը։ Կարօ Լուկասը (Ղուկասյանը) ծնած է 1951-ին Իրանի Իսֆահան քաղաքի Նոր Ջուղա հայկական թաղամասը եւ աւարտած Թեհրանի ազգային Քուշեշ Մարիամեան դպրոցը, ապա 1973 թուականին Թեհրանի Համալսարանի ճարտարագիտական (տեխնիկական) մասնաճիւղէն ստացած է բարձրագոյն կրթութիւն (MSc)  էլեկտրոնիկայի եւ համակարգչային տեխնոլոկիայի բնագաւառէ ներս ։ 1976 թուականին ստացած է Դոկտորայի (PhD) կոչում աշխարհահռչակ Գալիֆորնիայի Բերքըլի համալսարանէն :
1993-97 թուականներուն եղած է Հիմնարար Գիտութիններու Հետազօտական Կեդրոնի (IPM) տնօրէնը, որը կը նկատուի Իրանի առաջնատար գիտական կազմակերպություններէն : 1986-88 թուականներուն ղեկավարած է Թեհրանի Համալսարանի Էլեկտրոնիկայի ճարտարագիտութեան Մասնաճիւղը։
Չափազանց մեծ է Փրոֆէսոր Կարօ Լուկասի ներդրումը Իրանի եւ միջազգային գիտական ասպարէզին ։ Ան հեղինակած է աւելի քան 1200 գիտա-հետազօտական յօդուածներ , ունեցած է աւելի քան 200 դասախօսական ելոյթներ միջազգային գիտաժողովներու մէջ, մասնակցած 20 միջազգային գիտական պարբերականներու խմբագրական կազմումին , եղած շուրջ 100 միջազգային խորհրդաժողովներու կազմակերպչական Յանձնախմբերու մէջ , եւ հեղինակն է 8 գիրքերու եւ համահեղինակն է 39 գիտական խմբագրուած հաւաքածոներու:
Մեծ է նաեւ Փրոֆէսոր Կարո Լուկասի մանկավարժական աւանդը: Ան շուրջ 30 տարի դասավանդած է Իրանի եւ միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած ինչպէս Գալիֆորնիոյ Բերքըլ Համալսարանի, Գանատայի, Թորոնթոյի, եւ Գալիֆորնիայի Յու Սի Էլ Էյ (UCLA) համալսարաններու մէջ : Փրոֆէսոր Կարո Լուկասը ղեկավարած է հազարաւոր մագիստրոսական ու դոկտորական աւարտաճառեր, եւ մեծ յարգանք կը վայելէր Իրանի ճարտարագիտական ուսանողներու ու փորձագէտներու , ինչպէս նաեւ պետական պատասխանատու անձերու մօտ:  2006 թուականին Կարօ Լուկասին ճանչցուած է Իրանի ճարտարագիտական ասպարէզի Մնայուն Դէմքը տիտղոսը (Eternal Figure) եւ պարգեւատրուած Իրանի նախագահի կողմէն:
Փրոֆ. Կարօ Լուկասը անդամակցած էր 2007-ին Գալիֆորնիայի Սան Ֆրանսիսկօ քաղաքը տեղի ունեցած Տեխնոլոգիայի Համահայկական Վեհաժողովի (ArmTech 07) ծրագրող Յանձնախմբին :
ԸՍՏ ՄԱՄԵՏԻԱՐՈՎԻ ԱԼՄԱԹԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ՏԱՐԾՔՆԵՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ։
Յուլիս 9ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ յաջորդ շաբաթ Ալմաթայի մէջ ԵԱՀԿի նախարարներու նիստի ծիրէն ներս նախատեսուող հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն առաջին փուլով Քելբաջարը եւ Լաչինը ազատելու հարցը։
«Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 16ին- կամ 17ին. ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները տակաւին յստակ ժամկէտներ չեն նշած»(ըսած է ան)աւելցնելով, որ հայկական կողմին հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ:
«Այդ սկզբունքներէն քանի մը հատը մենք քննարկած ենք վերջին 6 տարիներուն ընթացքին, եւ այժմ իմաստ չունի վերադառնալ անոնց», նշած է Մամետեարով, որուն խօսքերով, բանակցութիւններուն մէջ ուշադրութիւնը գլխաւորապէս կը կեդրոնացուի 5 շրջաններու հետ նաեւ Քելբաջարի եւ Լաչինի՝ «5+2» ձեւաչափով վերադարձի հարցին վրայ:
«Պատմականօրէն Քելբաջարն ու Լաչինը երբեք Լեռնային Ղարաբաղի կազմին մէջ չեն եղած: Այժմ խօսքը այդ երկու շրջանները վերադարձնելու ժամկէտներու մասին է», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախարարը եւ վստահեցուցած, թէ միւս 5 շրջաններուն վերադարձի հարցը արդէն լուծուած է եւ այլեւս չի քննարկուիր:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման հարցին՝ Մամետեարով նշած է, որ հայկական կողմը հանդէս կու գայ հանրաքուէի անցկացման օգտին, բայց Ատրպէյճանի դիրքորոշումը «քուէարկութեան՝ հայերուն կողքին պէտք է մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական համայնքը»:
Մամետեարովի խօսքերով, կողմերուն միջեւ այսօր քննարկուող սկզբունքներուն համաձայն, կը ստեղծուի Հայաստանի, Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչներէն բաղկացած յատուկ կոմիտէ, որ պէտք է զբաղուի հանրաքուէի հարցերով: «Սակայն ատիկա հնարաւոր է միայն ատրպէյճանցի փախստականներու Ղարաբաղ վերադառնալէն ետք», աւելցուցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:







All the contents on this site are copyrighted ©.