2010-07-09 12:33:40

Էջ մը հայ երաժշտութենէն
Հայ երաժշտութեան երախտաւորներէն Համբարձում Չէրչեան


Էջ մը հայ երաժշտութենէն
Հայ երաժշտութեան երախտաւորներէն Համբարձում Չէրչեան (Պապա համբարձում) ։
Հայ երաժշտութեան երախտաւորներէն Համբարձում Չէրչեան Արիստակէս Յովհաննէսեանի աշակերտներէն էր, Գաբրիէլ Երանեանի մօտիկ գործակիցը եւ անոր հետ Շարակնոցը ձայնագրեց եւ հրատարակեց . ան նաեւ Արմաշի մէջ սերունդ պատրաստեց։ Համբարձում Չէրչեան ծնած էր 1828-ին, Պոլիս, կարնեցի ծնողքէ։ Մանկութեան յաճախեց Մայր վարժարանը եւ աշակերտեց Արիստակէս Յովհաննէսեանին, հմտանալով երաժշտութեան մէջ։
Ուսումը աւարտելէն ետք, իր անհանդարտ բնաւորութեան պատճառով բաւական ժամանակ թափառեցաւ քաղաքէ-քաղաք եւ յետոյ վերադառնալով Պոլիս 1845-ին ստանձնեց Բերայի Ս Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը պաշտօն մը, զոր վարեց մինչեւ 1848։ Այնուհետեւ Պոլիսէն հեռանալով փոխադրուեցաւ Քասթեմունի, հոնկէ՝ Սիվրիհիսար, Աֆիոն Գարահիսար, Պալըքէսիր, Պանտըրմա, Ատափազար եւ Արմաշ։ Կարապետ ամիրա Պալեանի խնդրանքին ընդառաջելով, տիրացու Կարապետ Պաղտատլեանի հետ 1856-ին սկսաւ ձայնագրել Շարակնոցը՝ տիրացու Կարապետի երգած եղանակներու հիման վրայ։ Գաբրիէլ Երանեանի հետ գործակցաբար 1860-ին ձեռնարկեց ձայնագրուած Շարակնոցի հրատարակութեան։ Պոլսոյ տարբեր թաղամասերուն մէջ Երանեանի հետ մասին երաժշտութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ կազմակերպեց։ Այնուհետեւ ան իր շուրջ խումբ մը երաժշտասէրներ հաւաքելով անոնց երաժշտական գիտելիքներ ջամբեց։
Արմաշի մէջ կեդրոնանալով՝ Համբարձում Չէրչեան նորանոր սերունդներ, աշակերտներ պատրաստեց եւ ինքզինք ամբողջութեամբ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ձայնագրութիւններու աշխատանքին նուիրեց։ Ան մահացաւ 1901-ին եւ իր երախտաշատ գործունէութեան համար արժանացաւ երկրորդ Պապա Համբարձում կոչումին։
Համբարձում Չէրչեան յաճախ շփոթուած է Համբարձում Լիմոնճեանի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.