2010-07-08 12:38:54

Եկեղեցական Տեղեկութիւններ


ՄԱՐՈՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍԱՆՁԵԼՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԶԷՆՔԸ
Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ առաւօտ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները։
Նիստէն ետք գերապայծառ Եուսեֆ Թոք ընթերցելով խորհուրդին նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը պաղեստինցի գաղթականներու պահանջներուն կողքին նաեւ հարկ կը տեսնէ, որ անոնք կատարեն իրենց պարտականութիւնները, որոնց շարքին է գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքին յանձնումը պետութեան։
Թոք նշեց նաեւ, որ լիբանանցիները մտահոգ են, որ պաղեստինցի գաղթականներուն առաջարկած մարդկային պահանջները վերածուին քաղաքական տեղայնական հարցի, եւ աւելի ուշ պահանջուի անոնց բնակեցումը Լիբանանի մէջ։ Այս մէկը լուրջ հարց է Լիբանանի համար, նախ եւ առաջ որովհետեւ ան յանձնառու է պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան, իսկ երկրորդ, որովհետեւ լիբանանցիները արդէն իսկ արտագաղթի կը դիմեն՝ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ անոր աշխարհագրական դիրքին պատճառով։
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը բաւական կայուն է եւ այդ մէկը կ՚օժանդակէ, որ զբօսաշրջութեան այս եղանակը ըլլայ հանդարտ եւ յաջող։ /a>

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիւանը խոր ցաւով կը գուժէ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հօր՝ Յարութիւն Քէշիշեանի (Ծնեալ 1919–ին, Ալեքսանտրէթ) մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 7 Յուլիսի առաւօտուն, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի, Հինգշաբթի, 8 Յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00–ին, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի թաղման արարողութենէն անմիջապէս յետոյ, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 9 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00–էն 1:00, եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00–էն 7:00, Վեհարանի դահլիճին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.