2010-07-07 13:15:54

Եկեղեցական Տեղեկութիւններ


Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի Քարիդասի համաժողովի բացման սուրբ Պատարագ

Կիրակի, 4 Յուլիս 2010, Մարոնիթ պատրիարք կարդինալ Սֆէյր սուրբ Պատարագ մատոյց Պքերքէի մէջ, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի Քարիդասի համաժողովի բացման առիթով։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան մասնակցեցաւ այս սուրբ Պատարագին, Վատիկանի արտագին գործոց նախարարի, Առաքելական Նուիրակի, Իտալիոյ դեսպանի եւ այլ հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ։

Կարդինալ Սֆէյրի պարգեւատրման հանդիսութեան մասնակցութիւն

Ուրբաթ, 2 Յուլիս 2010, Մարոնիթ պատրիարք կարդինալ Սֆէյր ստացաւ «Էլիաս Հրաուի» մրցանակը պաշտօնական հանդիսութեամբ, Պքերքէի մէջ։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան ներկայացուց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այս հանդիսութեան, պետական ու հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողքին։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի Դեսպանը
Երեքշաբթի, 6 յուլիս 2010-ի առաւօտուն, կաթողիկոսարանի Պիքֆայայի ամարանոցին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց պաշտօնական այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Իրանի նոր նշանակուած դեսպան Ղատանֆար Ապատիին: Դեսպանին կ'ընկերանային դեսպանատան քաղաքական եւ մշակութային բաժանմունքներու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ՝ իր քաղաքական հարցերու խորհրդականը:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ, որ վեհափառը ընդհանուր գիծերով դեսպանին պարզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը իր յատկանշական երեսներով: Ընդառաջելով դեսպանին փափաքին՝ ան նաեւ անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Քանատայի մէջ տեղի ունեցած Ութերու խմբակին առնչուած միջազգային միջկրօնական համագումարին, որուն մասնակցած էր վեհափառը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:
Յայտնենք, որ վերոյիշեալ նիւթերուն առընթեր դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի դէմ Ապահովութեան խորհուրդին ճշդած վերջին պատժամիջոցներուն՝ յայտնելով, որ անոնք երբեք պիտի չազդեն Իրանի կեցուածքին եւ հիւլէական ուժը խաղաղ նպատակներու համար գործածելու անոր յանձնառութեան վրայ







All the contents on this site are copyrighted ©.