2010-07-07 13:28:51

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՆԹԱԿՈՄԻՏԷԻ ՆԻՍՏԸ։
Երեւանի մէջ սկսած է Արդարադատութեան, Ազատութիւններու եւ Անվտանգութեան հարցերով ՝՝Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն՝՝ ենթակոմիտէի առաջին նիստը։ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Կարինէ Ղալինեան եւ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Նիքոլայ Առուստամեան կը համանախագահեն Հայաստանի կողմէ ենթակոմիտէի աշխատանքներուն։ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Եւրոպական Յանձնաժողովի արտաքին յարաբերութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան Հարաւային Կովկասի, Ուքրանիոյ, Մոլտաւիոյ եւ Պիելոռուսիոյ հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Ճոն Քիայէր։ Նիստին աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան, Ոստիկանութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին, Կեդրոնական դրամատան, Արտագաղթի պետական ծառայութեան, արտաքին գործոց, արդարութեան եւ տնտեսութեան նախարարութիւններու եւ այլ կառոյցներու պաշտօնեաներ։ Հանդիպման օրակարգին մաս կը կազմեն սահմաններու կառավարման, փտածութեան եւ կազմակերպուած ոճիրներու դէմ պայքարի, արտագաղթի քաղաքականութեան, դատաիրաւական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներ Հայաստանի քաղաքացիներու համար մուտքի այցեգիրերու ստացման հոլովոյթը դիւրացնելու վերաբերեալ հարցեր։
ԵԱՀԿ-ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ։
Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Պեռնար Ֆասիէ եւ Ռոպըրթ Պրատքէ Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութեան ընթացքին յառաջընթաց արձանագրած են։ Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Մինսքի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները ընդգծած են իրենց երեք երկիրներուն պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման Հելսինքեան սկզբունքներու՝ ուժի կիրառման սպառնալիքի բացառման, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու իրաւա-հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։ Այդ առնչութեամբ միջնորդները յառաջընթաց կարձանագրեն եւ կընդգծեն, կողմերը կ՝ընդունին, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ 10 յուլիս 2009-ին Ագուիլայի(իտալիա) մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ամրագրուած եւ այս տարուան 26 յունիսին միացեալ յայտարարութեան մէջ վերահաստատուած սկզբունքները պէտք է հիմք հանդիսանան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման համար։ Համանախագահները կը յիշեցնեն, որ նախագահներ Պարաք Օպամա, Տիմիթրի Մետվետեւ եւ Նիքոլա Սարքոզի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կոչ ուղղած են յաջորդ քայլը կատարելու եւ աւարտելու աշխատանքը հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ անցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան։ Համանախագահները կոչ ուղղած են զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ խիստ կերպով հետեւելու 1994 թուականի զինադադարի համաձայնագիրի պահանջներուն։Անոնք շփման գիծին վրայ 19 յունիսի միջադէպը որակած են զինադադարի դրութեան անթոյլատրելի խախտում՝ վերստին ափսոսանք յայտնելով մարդկային կեանքերու անիմաստ կորուստին համար եւ խստիւ դատապարտելով ուժի գործադրումը։(նշենք որ չորս հայ զինուորներ զոհ գացին 19 յունիսի միջադէպին)։
Հրանդ Տինք 2010 մրցանակով Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը մեծարեց լրագրողներ Խուան Պետոյեան-ը եւ Օլկա Գոսենթինո-ն։
Արժանթինի մէջ 7 Յունիսը կը նշուի որպէս Լրագրողներու Օր։ Այս տօնակատարութեան ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 1 Յուլիսին, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը մեծարեց լրագրողներ Խուան Պետոյեան եւ Օլկա Գոսենթինօ՝՝Մարդկային Իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ի նպաստ տարած իրենց բեղուն աշխատանքին համար՝՝։ Պետոյեանի եւ Գոսենթինոյի կենսագրականը նկարագրող տեսաերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատգամը ներկայացուց իր քարտուղարը՝ ընկ. Էտուարտօ Գոզանլեան, որմէ ետք խօսք առին երկու լրագրողները։ Ապա, ընկ.ներ Գէորգ Տոլմաճեան եւ Էտուարտօ Գոզանլեան, լրագրողներ Խուան Պետոյեանի եւ Օլկա Գոսենթինոյի յանձնեցին հայկական այբուբենը ներկայացնող յուշատախտակները։ Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդրոնական ակումբին մէջ, լայն արձագանգ գտաւ նաե՛ւ տեղական մամուլին մօտ։ Սոյն մրցանակի միջոցաւ, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ինը տարիէ ի վեր կը մեծարէ Մարդկային Իրաւունքներու եւ Հայ Դատի պաշտպան արժանթինեան լրագրողներ։ 2007էն ի վեր, մրցանակը կը կրէ Հրանդ Տինք անունը, ի յիշատակ այդ նոյն տարին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած ՝՝Ակօս՝՝շաբաթաթերթի հիմադիր-խմբագիրին, որ իր կեանքը զոհեց ի պաշտպանութիւն Մարդկային Իրաւունքներուն, արդարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։







All the contents on this site are copyrighted ©.