2010-07-06 13:36:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։

Վատիկանը կը Հաստատէ Քահանայապետին Յառաջիկայ ՍեպտեմբերիՆ կատարելիք Հովուական Այցելութիւնը՝ Անգլիայ։

Վատիկանի Մամլոյ Հաղորդակցութեան Գրասենեակի Բանբեր յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտարարեց թէ '' ընդառաջելով Եղիսաբէթ Բ անգլիոյ թագուհիին եւ Անգլիոյ եւ Սկովտիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի հրաւէրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 16 - 19 սեպտեմբեր առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կաատարէ դէպի Անգլիայ։ Ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Հոլիրոտ-հաուզ Էտինպուրկի թագաւորական պալատը ուր հանդիպում պիտի ունենայ Անգլիոյ Եղիսաբէթ Բ թագուհիին հետ, ապա Կլազկովի Պելլահուսդէն Զբօսայգիին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագին ։ Իսկ Վուէսդմինսդեր Հոլի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ կառավարական, մշակոյթի եւ ձեռնարկու անձնաւորութիւններու հետ, Վուէսդմինսդեր Ապպէյի մէջ պիտի մասնակցի միջ-եկեղեցական արարողութեան ու Վուէսդմինսդեր Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագին եւ Լոնտոնի Հայտ Բարգին մէջ պիտի մասնակցի Հսկումի Աղօթքին։ Հուսկ՝ Պիրմինկհամի Գոֆթոն Բարգին մէջ պիտի նախագահէ Կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիւմանի Երանացման արարողութեան։
Կարտինալ Նիւմանը 1801-1890 բանաստեղծ եւ անկլիգան եկեղեցւոյ հովիւ եղած է։ 1845ին կ'ամդամակցի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Կարտինալական Աստիճան կը ստանայ Լեւոն ԺԳ.ի օրով։
Այս երկրորդ անգամն է որ Քահանայապետ մը Անգլիան կ'այցելէ Էնրիկոս Ը.Թագաւորի (1491-1547) օրէն։ Էնրիկոս Ը. Թագաւորը Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցիէն խզուելով հիմնադիրը եղած է Անկլիգան եկեղեցւոյ։ Առաջին այցելութիւնը կատարած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահայանայապետը 1982ին' ժողովուրդի վրայ մեծ տպաւորութիւն թողելով։ Անգլիոյ մէջ կ'ապրին 4,2 միլիոն կաթողիկեներ 61 միլիոն բնակչութեան վրայ։

Սուրբ Պետրոս Տաճարի մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղարի Քահանայական Ձեռնադրութեան 50 ամեակի առիթով Սուրբ Պատարագ։

Երեքշաբթի 6 յուլիս 2010 յետ միջօրէին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, սուրբ պատարագ կը մատուցանէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակի առիթով։ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը այս առթիւ Կարտինալ Պերթոնէին լատիներէն լեզուով յատուկ շնորհաւորական գիր մը ուղղած է որուն մէջ կը յայտնէ գնահատանք իր ''ամենասերտ աշխատակիցին'', յայտնելով ''գորովալիր խնդակցութիւն '' այս ուրախ առիթով։ Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կ'անդրադառնայ Կարտինալ Պերթոնէի կեանքին, քահանայական ձեռնադրութենէն (1 յուլիս 1960) մինչեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը, նշելով նաեւ անոր մատուցած ծառայութիւնները որպէս Հաւատոյ Ժողովի Քարտուղար, որ ''համագործակցութեան ուրախ առիթ մը ստեղծեց մեր միջեւ''(կը գրէ Նորին Սրբութիւնը)։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը կը մատնանշէ Կարտինալ Պերթոնէի կատարծ առաքելութիւնը Ճենովայի Եկեղեցիին ի խնդիր, իբր Արքեպիսկոպոս,ու ապա կարտինալական աստիճանի շնորհումը եւ այժմ Վատիկանի Պետական Քարտուղարի պաշտօնը ու անոր գործունեայ աջակցութիւնը Քահանայապետի հովուական ծրագիրներուն եւ առաքելական առաջարկներու իրականացման' ի նպաստ ընդհանրական եկեղեցւոյ։ Անդրադառնալով նաեւ Կարտինալ Պերթոնէի դաստիարակչական գործունէութեան ու անոր անդամակցութեանը Սալեզեան Միաբանութեան, Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ Տիրամօր եւ Սուրբ Յովհաննէս Պոսգոյի Բարեխօսութիւնը եւ Աստուծոյ վարձատրութեան շնորհքներու զեղումը։
Նշենք թէ երկուշաբթի յուլիս 5ի առաւօտուն Պենետետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ընկերակցութեամբ Սալեզեան հինգ միաբան եղբայրակիցներու, որոնք իրենց կարքին նոնպէս կը տօնախմբէն քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակը։







All the contents on this site are copyrighted ©.