2010-07-05 13:42:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆ-ՀԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԸ ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետ-քարտուղար Հիլարի Քլինթըն այսօր երկուշաբթի Յուլիս 5 այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին բարձրացած Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը: ԱՄՆ Պետքարտուղարը ծաղկեպսակ դրաւ «Յաւերժական Կրակի» մօտ, մէկ րոպէ լռութեամբ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոեանը պետ-քարտուղարին ներկայացուց Մեծ Եղեռնի Յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը անդրադառնալով նաեւ՝ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներու , ամերիկացի ժողովուրրդի մարդասիրական արձագանքին եւ անոնց կողմէ ցեղասպանութեան զոհերուն ցուցաբերուած թանկագին աջակցութեան ։
Այցի ընթացքին ԱՄՆ Պետ-քարտուղարը հետաքրքրուած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրի տարածքին արցախեան ինքնապաշտպանական պատերազմի ժամանակ զոհուած ազատամարտիկներու գերեզմաններու ներկայութեամբ ։ Ամերիկեան պատուիրակութեան տեղեկացուած է որ հայ ազգային ինքնագիտակցութեան մեջ Արցախեան պատերազմը կ՝ընկալուի որպէս ցեղասպանութեան շարունակութիւն, որու առաջին զոհերը թաղուած են Ծիծեռնակաբերդի մէջ ։
Հայկ Դեմոյան ամերիկեան պատուիրակութեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի կողմէ նուիրած է պատմական մետալ` թողարկուած Ամերիկեան նպաստամատոյց կազմակերպութեան կողմէ, 1920-ական թուականներու սկիզբը Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի որբանոցներու մէջ իրենց ծառայութիւնը բերած աշխատակիցներ պարգեւատրելու համար: Յարգարժան հիւրին յանձնուած է նաեւ լուսանկար մը ,յորում նկարահանուած են Ալեքսանդրապոլի (ներկայիս Կիւմրիի)ամերիկեան որբանոցի հայ որբերը, կանգնած «Ամերիկա, շնորհակալ ենք» դասաւորութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Երեւան այցելութիւնը տեւեց երկու օր։ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ Քլինթընը դիմաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Դիմաւորողներուն շարքին էին նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան։
Օդակայանէն Քլինթըն ուղղուեցաւ դէպի նախագահական նստավայր, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Ընդունելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը՝ նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ Հայաստան խորապէս շահագրգռուած է Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու հարցով։ ՝՝Ես վստահ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի երկար սպասուած այցելութիւնը Հայաստան մեծ նպաստ պիտի բերէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորացման էործին մէջ, նաեւ պիտի նպաստէ մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման՝՝ ըսաւ հանրապետութեան նախագահը։
Միացեալ Նահանգները երկար տարիներու ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ։ Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ամէնէն կարեւոր խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան լուծումն է։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր պատմական տարածքին մէջ ազատ տնօրինելու իր ճակատագիրը եւ զարգանալու։ Այս իրաւունքը անքակտելի է, եւ այս իրաւունքին ործադրութեան շնորհիւ է, որ այսօր աշխարհի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ իրենք զիրենք երջանիկ կը զգան։ Շնորհակալ եմ այդ հարցին մէջ ձեր օժանդակութեան եւ ջանքերուն համար(ըսաւ նախաահ Սարգսեան)աւելցնելով ՝՝Շնորհակալ եմ նաեւ նախագահ Օպամայի եւ ձեր ջանքերուն համար՝ Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման գործին մէջ։ Հակառակ անոր որ թուրքերը պատրաստ չէին եւ այսօր ալ պատրաստ չեն առանց նախապայմաններու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, մեզի համար չափազանց կարեւոր է զգալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի վերաբերումը այս խնդիրին վերաբերեալ՝՝։
Հիլըրի Քլինթըն ըսաւ, թէ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է գտնուիլ Հայաստանի մէջ, եւ յատկապէս հաճելի է այսօր այստեղ գտնուիլ, երբ Միացեալ Նահանգներ կը նշեն իրենց անկախութեան տօնը(4 Յուլիս-ը)։ Վաղը նաեւ ձեր Սահմանադրութեան օրն է, եւս մէկ կապ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ։
ՀԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ԱԴՐԲԵՋԱՆԻ ՄԷՋ ։
Թրքական ՝՝Hurriyet՝՝ օրաթերթը, անդրադառնալով ԱՄՆ պետքարտուղար Հիլարի Քլինթոնի Ադրբեջան կատարած այցելութեան, կը գրէ որ Պաքու-ի մէջ Քլինթընի յայտարարութիւնները յոյս չեն ներշնչէր Ղարաբաղեան հակամարտութեան կագաւորման հարցով: Թրքական պարբերականը, վկայակոչելով ադրբեջանական վարչակազմին մօտ աղբիւրներ կը գրէ որ Քլինթընի և Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևի միջև կայացած դռնփակ հանդիպման ժամանակ, քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղին յարակից շրջաններու վերադարձի հարցը: «Սակայն այն, ինչ յայտարարեց Քլինթընը հանդիպումէն յետոյ , յոյս չի ներշնչէր »,- գրած է Hurriyet-ը։
ՔԵՐՔՈՒՔ-ԵՈՒՄՈՒՐԹԱԼԸՔ ՔԱՐԻՒՂԻ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻՆ ՎՐԱՅ ՄԵԾ ՊԱՅԹՈՒՄ։
Հիւսիսային Իրաքէն Միջերկրական ծովուն վրայ գտնուող թրքական Ճէյհան նաւահանգիստ երկարող ՝՝Քերքուք-Եումուրթալըք՝՝ քարիւղի խողովակաշարին վրայ մեծ պայթում մը տեղի ունեցած է ։ Սի.Էն.Էն.Թիւրք կը հաղորդէ, որ պայթումը տեղի ունեցած է շաբաթ ուշ գիշերին՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող Մարտին նահանգի Միտիաթ գիւղին մօտ։
Թրքական քարիւղի եւ կազի ՝՝Փոթաշ՝՝ ընկերութեան պաշտօնատարներ յայտնած են, որ խողովակաշարին մէջ քարիւղի մղումը դադրեցուած է, իսկ ապահովական մարմինները իրենց հետաքննութեան նախնական արդիւնքներուն վրայ հիմնուելով յայտնեցին, որ տեղի ունեցածը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմէ կատարուած խափանարարական արարք մըն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.