2010-07-03 11:02:56

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Կիրակի 4 Յուլիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Ապրուցօ մարզի Սուլմոնա շրջանը, ուր պատարագ պիտի մատուցէ, ապա հանդիպում պիտի ունենայ շրջանի նոր սերունդին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի տեսակցի խումբ մը բանտարկեալներու հետ։

Կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 8.30ին Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կը մեկնի Սուլմոնա եւ ժամը 10ին բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցէ քաղաքի կեդրոնական հրապարակի վրայ։ Կազմակերպիչներու գնահատումով կը նախատեսուի ներկայութիւնը՝ աւելի քան 10.000 հաւատացեալներու։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը պիտի արտասանէ ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը ։

Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը պիտի ճաշէ Ապրուցօ մարզի եպիսկոպոսներուն հետ, թեմի կղերի վերակառուցուած կեդրոնին մէջ։ Այս կեդրոնը պիտի կրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին անունը եւ պիտի հիւրընկալէ թեմի տարեց եւ հիւանդ վարդապետները։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի պապական այցելութեան կազմակերպիչ կոմիտէն եւ յետոյ հանդիպում պիտի ունենայ խումբ մը բանտարկեալներու հետ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ շրջանի երիտասարդներուն հետ եւ ապա եկեղեցւոյ գետնայարկը պիտի իջնէ մեծարելու սուրբ Բանֆիլի եւ սուրբ Քահանայապետ Չելեսդինօ Ե.ի աճիւնները։

Չելեսդինօ՝ Հռոմի պապը եղած է այն քիչ քահանայապետներէն որ իր հրաժարականը տուած էր ԺԳ. դարուն վերջերը։

Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սուլմոնա ուզեց այցելել ոգեկոչելու Չելեսդինօ սուրբ քահանայապետին ծննդեան 800ամեակը (1209ին)։ Անցեալ ապրիլ 2009ին Նորին Սրբութիւնը այցելած էր ու մեծարած՝ սուրբ Չելեսդինօ-ն եւ անոր աճիւններուն վրայ զետեղած էր քահանայապետութեան առթիւ ստացած պալիումը։ Երեկոյեան ժամը 6.30ին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ ինքնաթիռով Վատիկան կը վերադառնայ։





Յուլիս 7ին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը։

Ըստ Քահանայապետական տան կուսակալութեան հաղորդակցութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս տարուայ Յուլիս ամսուայ ամառնային արձակուրդը պիտի անցնէ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցը ուր պիտի փոխադրուի 7 Յուլիսի՝ յետ միջօրէին, եւ պիտի մնայ մինչեւ հոկտեմբերի սկիզբը։ Սրբազան Հօր ամառնային արձակուրդին շրջանին արկախուած կը մնան բոլոր ունկնդրութիւնները ի մէջ այլոց նաեւ յուլիս 14, 21 եւ 28 չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդրութիւնը մինչ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը պիտի շարունակուի տեղի ունենալ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցէն։ Նշենք թէ ընդհանուր ունկնդրութիւնները օգօստոս 4 էն կը վերսկսին կանոնաւոր կերպով։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի պատգամը '' Երիտասարդութեան Համաշխարհային 2011ի Օրուան'' ։ Թող Քրիստոսը սիրաշահի երիտասարդներուն սիրտը

Հրապուրուիլ Քրիտոսի սիրով։ Այս առաջադրութեամբ է որ երիտասարդները պէտք է մասնակցին յառաջիկայ '' Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան'' ըսաւ Սրաբազան Քահանայապետը ընդունելով Մատրիտի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուքօ Վարելան, եւ իրեն ընկերացող՝ 2011 Օգոստոսի Մատրիտի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան նախաձեռնող յանձնախումբի անդամները։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց որ Տիրամօր հովանիով՝ այս ձեռնարկը պտղաբեր արդիւնքներ տայ ։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը պարզ Հաւաքական հանդիպում մը չէ այլ յատկանշական առիթ մը, ուր աշխարհի երիտասարդութիւնը ինքզինք հրապուրուած զգայ Քրիստոսի սէրէն։ ՜՜Շատ են երիտասարդները՝ որ իրենց հայեացքը ուղղած են դէպի այս գեղեցիկ քաղաքը' հանդիպելու իրարու եւ ուրախութեամբ ու միասնաբար ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը որ միշտ արդիական է, նաեւ՝ մասնակից դառնալու այն հաւատքին որ զիրենք կը միացնէ նոր աշխարհ մը շինելու փափաքով, ներշնչուած՝ Աւետարանի արժէքներէն՝՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ։



Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինիի զօրակցութիւնը Սուրբ Սանդուխներու պատերու վրայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի դէմ նախատական գրութիւններէ ետք

Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին Հռոմի թեմի Տեղապահը խստօրէն դատապարտեց Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովաննէսի մայր Տաճարի եւ անոր կից գտնուող Սուրբ Սանդուխներու պատերու վրայ, գիշերուայ ընթացքին անյայտ անձերու կողմէ արձանագրուած նախատական գրութիւնները Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի դէմ։ Կարտինալը Սրբազան Հօր յայտնեց իր որդիական մօտիկութիւնը, բարձր գնահատումը եւ զօրակցութիւնը նորոգելով բոլոր թեմի հաւատացեալներուն երախտական զգացումները հանդէպ Սրբազան Հօր իր ամէնօրեայ վկայութեան եւ սպասարկութեան Հռոմի եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ ի նպաստ։

Կարտինալ Վալլինին նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի Քաղաքապետարանին որ անմիջապէս ջնջել տուած է գրութիւնները Քաղաքային Վայելչութեան գրասենեակի միջոցաւ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.