2010-07-03 13:47:51

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ։


ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ։

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ «ԱՆՑԵԱԼԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՓՈՐՁ ՅՂԻ Է ԱՆԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախաահներ Իկոր Փոփովի եւ Ռոպըրթ Պրատքէի հետ երէկուայ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի ապա-կառուցողական քայլերը տագնապի լուծման մեծագոյն խոչընդոտն են, իսկ այն, որ Պաքուի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը համապատասխան գնահատական չեն ստանար միջազգային հանրութեան կողմէ, աւելի կը կարծրացնէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը։ Նախագահ Սահակեան դարձեալ յայտարարեց, որ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը սակարկութեան առարկայ չեն, եւ անցեալը վերադարձնելու որեւէ փորձ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներու։ Բ. Սահակեան անգամ մը եւս հաստատեց Արցախի հաւատարմութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ նշեց, որ զայն խեղաթիւրելու եւ փոփոխութեան ենթարկելու փորձերը միայն բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան բանակցային հոլովոյթին վրայ։ Ան շեշտեց բանակցութիւններուն Արցախի լիիրաւ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Համանախագահները համաձայնեցան այդ պնդումին հետ՝ նշելով, որ այդ մէկը միայն ժամանակի խնդիր է։ Երկու կողմերը նշեցին, որ տագնապի լուծման զինուորական տարբերակը բացարձակապէս անընդունելի է։ Այս հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ արտաքին գործոց նախարար Գէորի Պետրոսեան։ Հանդիպումէն ետք համանախագահները յայտարարեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան հետ քննարկած են Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՝՝Մետվետեւ - Սարգսեան - Ալիեւ՝՝ հանդիպման ընթացքին արծարծուած հարցերը, ինչպէս նաեւ 18 յունիսին ղարաբաղեան- ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը։

ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ «ԽԻՍՏ» ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրեց Իրանի դէմ ամերիկեան ՝՝խիստ՝՝ պատժամիջոցներ հաստատող օրինագիծը, որ վերջերս ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրուած էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ։ Օպամա յայտնեց, որ պատժամիջոցները մինչեւ օրս Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան ամէնէն ՝՝խիստ՝՝ պատժամիջոցներն են եւ Իրանի համար պիտի դժուարացնեն զտուած քարիւղ, ինչպէս նաեւ իր քարիւղի եւ կազի մարզը զարգացնելու համար այլ նիւթեր եւ ծառայութիւններ ստանալը։
Ան դիւանագիտութեան դուռը բաց պահելը նշելէ ետք յայտնեց, որ Իրան միջազգային յաւելեալ ճնշումներու պիտի ենթարկուի, եթէ շարունակէ Ուրանիումի հարստացման իր ծրագիրը դադրեցնելու միջազգային կոչերը անտեսել։
ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ։(մարմարա-պոլիս).
Յուլիս 1ին, Պոլսոյ Պատրիարքութեան եկեղեցական համագումար-ժողովը յատուկ նիստ մը գումարելով կատարեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւնը եւ Արամ Արք. Աթէշեան հոգեւոր դասու 26 անդամներէն 25ի քուէներով՝ ընտրուեցաւ այդ պաշտօնին։ Ինչպէս ծանօթ է, եկեղեցական կանոնադրութեան համաձայն, պատրիարքի հիւանդութեան եւ կամ արտասահման գտնուած միջոցին, պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը կը տրուէր ամէնէն երէց հոգեւորականին։ Տրուած ըլլալով որ Շահան Արք. Սվաճեան տարիքի բերումով չէր կրնար այդ պաշտօնը կատարել, արդէն անպաշտօն ձեւով Փոխանորդութիւնը առաջ կը տարուէր Արամ Սրբազանի կողմէ։
Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը յատուկ արտօնութիւն տուած է, որպէսզի կրօնական առաջնորդներ ազատօրէն սքեմով շրջին եւ ամէն կրօնքէ միայն առաջնորդներն է, որ այդ իրաւունքէն կ՛օգտուէին։ 1998էն ի վեր այդ արտօնութիւնը կը գործածէր Մեսրոպ Պատրիարքը։ Հիմա, համապատասխան դիմումի հիման վրայ, կուսակալութիւնը կրնայ այդ իրաւունքը շնորհել նաեւ Արամ Սրբազանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.