2010-07-02 13:46:24

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺ ՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունենալով Ուղղափառութեան միջ-խորհրդարանական վեհաժողովի 17-րդ տարեկան գլխաւոր վեհաժողովի մասնակիցներուն հետ ողջունեց հիւրերը եւ խորհրդանշական նկատեց որ վեհաժողովը որոշած է իր տարեկան նիստը գումարել Հայաստանի՝ հնագոյն քրիստոնէական երկրին եւ քաղաքակրթութեան օրրաններէն մէկուն մէջ։ Նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ մեծապէս կը շեշտուի քրիստոնէական արժէքներու պահպանումը, տարածումն ու հոգեւոր դաստիարակութիւնը։
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ իբրեւ պետական կրօն ընդունած Հայաստանը, նաեւ հայ եկեղեցւոյ շնորհիւ դարեր շարունակ(նոյնիսկ պետականութեան կորուստի ժամանակաշրջանին) ամուր կանգնած է այդ արժէքներու պահպանման դիրքերուն վրայ եւ հպարտ է անոր համար։
Ան ողջունեց վեհաժողովի մասնակիցներու որոշումը՝ այցելելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու դարեր շարունակ իր բնօրրանին մէջ ապրող եւ ստեղծագործող քրիստոնեայ ժողովուրդի ներկայ մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան պայմաններուն մէջ սեփական որոշումով իր ապագան կառուցելու՝ արցախահայութեան փափաքին եւ կամքին։
Հանդիպման աւարտին վեհաժողովի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ Հայաստանի մէջ վեհաժողովի կայացման աջակցելուն համար՝ ընդգծելով, որ նման ընտրութիւն պայմանաւորուած էր նաեւ շրջանի ընդհանուր վիճակով եւ մտահոգութիւններով։ ՝՝Մենք ձեր կողքին ենք, եւ արդարութիւնը ձեր կողմն է։ Անիկա ի վերջոյ պիտի յաղթէ՝՝ ըսաւ Ուղղափառութեան միջ-խորհրդարանական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար, Յունաստանի խորհրդարանի երեսփոխան Խիթիրիս Թիլեմախոս
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ 3 ՅՈՒԼԻՍԻՆ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հարաւային Կովկաս այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան պիտի ժամանեն 3 յուլիսին։ Անոնք հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Մինսքի խմբակի համանախագահները Պաքու պիտի այցելեն 5 յուլիսին։ Նոյն օրը նախատեսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը Ազրպէյճան։ Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան տեղեկացուցած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները 2 յուլիսին կ՝այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ուր հանդիպում կ՝ունենան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱՃՆՇՈՒՄՆԵՐԸ։
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է ազատ արձակելու կալանքի տակ գտնուող լրագրողները՝ անընդունելի նկատելով երկրին մէջ լրատուամիջոցներու նկատմամբ գործադրուած ճնշումները։ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը անդրադարձած է ահաբեկչութեան մեղադրանքով 85 տարի բանտարկութեան դատապարտուած լրագրող Էյնուլա Ֆաթուլայեւի պարագային։ Ապրիլին Եւրոպական դատարանը եզրակացուցած էր, որ Ֆաթուլայեւը դատապարտելու որոշումը ապօրինի է, եւ ան պէտք է անյապաղ ազատ արձակուի, իսկ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պարտաւոր է լրագրողին իբրեւ հատուցում 25 հազար եւրօ վճարել։ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, սակայն, տակաւին չեն գործադրած Եւրոպական դատարանի վճիռը։ ՝՝Ազատութեան Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, վեհաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է երիտասարդ պլոկըրներ Ատնան Հաճիզատէն եւ Էմին Միլլին խուլիկանութեան մեղադրանքներով համապատասխանաբար 25 եւ 2 տարի բանտարկութեան դատապարտելու քայլին համար եւ զանոնք քաղաքական բանտարկեալներ նկատած է։
Վեհաժողովի որդեգրած բանաձեւին մէջ մտահոգութիւն յայտնուած է նաեւ ՝՝Թալիշներու Ձայն՝՝ թերթի գլխաւոր խմբագիր Նովրուզալի Մամետովի մահուան առնչութեամբ։ Պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած 68-ամեայ Մամետով անցեալ տարուան օգոստոսին բանտին մէջ մահացած էր։







All the contents on this site are copyrighted ©.