2010-07-01 12:30:45

Պենետիկտոս ԺԶ . Սրբազան Քահանայապետին ԳործունԷութիւնը և Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ . Սրբազան Քահանայապետը Այս առաւօտ յաջորդաբար ընդունեց,

Ժամը 11ին, Գերապայծառ Անճելօ Ամաթօն, Իտալիոյ Սրբադասման դատերու ժողովի կառավարիչը։

Ժամը 11,15ին, Գերապայծառ Վալդեր Միքսա՝ Գերմանիոյ Աուկզպուրկի վաստակաւոր Եպիսկոպոսը։

Ժամը 12,15ին Վսեմաշուք Փապլօ Գապրերա Կաէթէ՝ Չիլիի դեսպանը` հրաժեշտի այցելութիւն։

Եւ ժամը 12,30ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Կարտինալ Գազիմիր Սզոգան, Վատիկանի երբեմնի կառավարիչը։



Քահանայապետական նշանակում։

Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով' Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Վալդեր Գասպերի հրաժարականը, տարիքի բերումով, անոր տեղ անուանեց' Գիւրդ Գոչը որ մինչեւ օրս Զուիցերիոյ Պազիլէա Քաղաքի եպիսկոպոսն էր։



Յառաջիկայ կիրակի 4 յուլիս 2010ին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Սուլմոնա Գիւղաքաղաքը ուր սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ։ Պատարագին երգեցողութիւնը պիտի գործադրէ թեմի բազմաձայն 250 հոգինոց երկսեռ երգչախումբը, որոնց 50ը երախաներ են։



Իսկ երկուշաբթի 5 յուլիսին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը պիտի օրհնէ Սուրբ Յովսէփի աւազանը որ իրագործուած է Վատիկանի Քաղաքապետարանի ջանքերով , ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետին։ Յայտնենք թէ Սրբազան Հօր աւազանի անունը Յովսէփ է։





Գոլոմպիայի անկախութեան 200-ամեակը:

Գոլոմպիայի Եպիսկոպոսական Հաւաքը, Յուլիս 1-ին եւ 2-ին՝ Մայրաքաղաք Պոկոթայի մէջ երկրին անկախութեան 200-ամեակի առթիւ, յիշատակի համագումար մը կը կազմակերպէ ''եկեղեցւոյ ներկայութիւնը 200 տարուայ անկախութեան ընթացքին՝՝ թեմայով։ Համագումարին նպատակակէտն է քննարկել ՜՜եկեղեցւոյ դերը եւ անոր սատարած գործունէութիւնը անկախութեան եւ երկրին շինութեան ու բարելաւումին ի խնդիր՝՝։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եպիսկոպոսներ, ակադեմական անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ եւ լրագրողներ որոնք պիտի շօշափեն եւ խորացնեն ՜՜եկեղեցւոյ կարեւոր դերը այս 200 տարուայ ընթացքին՝՝ նիւթը։







Եւրոպայի եպիսկոպոսական ՜՜Կոչումներու պատասխանատուներու՝՝ Հաւաքը։

Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասի՝ ՜՜Կոչումներու՝՝ պատասխանատուները մէկ Յուլիսէն մինչեւ 4 Յուլիս, իրենց տարեկան Հաւաքը կը կատարեն Հունգարիոյ էսդզէրկոմ քաղաքը, հովանաւորութեամբ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի ընդհանուր խորհուրդին։

Հաւաքի թեման է ''եկուր եւ տես. Քահանան՝ կոչումներու վկայ եւ ծառայող''։

Նիւթ մը որ ներշնչուած է Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ''Քահանայական Տարուոյն'' առթիւ տուած թելադրանքէն. որ է՝ ըլլալ ''հմուտ քահանաներ'' եւ խնդրել ''մշակներ Աստուծոյ այգիին համար''։



խուլ եւ ոչ խուլ Կաթողիկէ հաւատացեալներու ուխտագնացութիւնը Լեհաստան։

Քահանայապետական առողջապահական հովուութեան խորհուրդի նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիս 1-5 խուլ եւ ոչ խուլ Կաթողիկէ հաւատացեալներ ուխտագնացութիւն կը կատարեն Լեհաստան։

Ուխտագնացութեան մաս կը կազմեն իտալացիներ, իրլանտացիներ եւ իտալիոյ մէջ ապրող Լեհեր որոնք յուլիս 3ին պիտի համախմբուին Գալգոու-ի մէջ, եկեղեցական հաւաքի մը առիթով՝ որուն բնանիւթն է ''խուլերը Աստուած կը սիրեն յատուկ սիրով''։ Ուխտակնացութեան ընթացքին հաւատացեալները պիտի այցելեն, Գրագովիայի Łagiewniki Աստուծոյ Գթութեան Սրբավայրը, պատերազմի գերիներու արգելավայրը Oświęcim-Auschwitz, Częstochowa-Jasna Góra Տիրամօր սրբավայրը եւ ի վերջոյ նախքան Հռոմ վերադարձը ուխտաւորները պիտի այցելէն Վարշավիան, աղօթելու՝ նահատակ Երզի Փոփիելուսգոյի դամբանին առջեւ, որ անցեալ յունիս 6ին Երանելի հռչակուեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.