2010-07-01 12:34:25

Լուրեր Հայկական Կեանքէն


Ուղղափառութեան Միջ-խորհրդարանական ԺԷ. խորհրդաժողովը Հայաստանի մէջ:

Ուղղափառութեան Միջ-խորհրդարանական 17-րդ խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ, երեքշաբթի 29 Յունիսին ։ ՜՜Յանունի համար պայքար, ոչ թէ ընդդէմի՝՝ նշանաբանով սկսած խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր երկիրներու խորհրդարաններէն ժամանած ներկայացուցիչներ։

Վեհաժողովի հիմնական զեկուցողն է Երեւանի պետական համալսարանի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամպիոնի վարիչը եւ ակադեմիոյ թղթակից անդամ, տոքթ Բաբգէն Յարութիւնեան։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ Ուղղափառութեան գլխաւոր վեհաժողովէն ներս հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարը՝ Մկրտիչ Մինասեան յայտնած է թէ՝ վեհաժողովի քննարկման առարկան է արեւելաեւրոպական պետութիւններու կայացման գործին մէջ ուղղափառութեան եւ քրիստոնէութեան արժէքներու դաւանումը եւ անոնց ազդեցութիւնը։

՜՜Քննարկումներու հիմնական ուղղութիւնը, ըսած է Մինասեան, միջպետական, միջկրօնական յարաբերութիւններու մէջ հանդուրժողականութեան հաստատումն է՝՝։

Սոյն վեհաժողովի մասնակիցները, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ՝ Մկրտիչ Մինասեանի ուղեկցութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Անոնք այցելեցին նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտը, ծանօթացան 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան պատմութեան։

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Ուղղափառության միջ-խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը՝ Սերգէյ Փոփով, նշեց որ ՜՜1915ին՝ ծրագրուած կերպով սարսափելի ոճիր մը իրականացաւ հայութեան հանդէպ՝՝։



Հայազգի նշանաւոր մեներգիչ Սերժ Թանգեան ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։

Սիսթըմ օֆ է տաուն խումբի նշանաւոր մեներգիչ Սերժ Թանգեան 12 օգոստոս 2010-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ առաջին մեծ երգահանդէսը պիտի տայ։ Նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին անցեալ հոկտեմբերին։

Սերժ Թանգեան պիտի նուագէ իր վեց երաժիշտներուն հետ, որոնց պիտի միանան նաեւ՝ Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբէն դասական-երաժիշտներ, հետաքրքրական համադրում մը կատարելով՝ ՜՜ռոքի եւ դասականի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.