2010-06-30 14:48:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։



Այսօր չորեքշաբթի 30 Յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հայրը, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Ժոզէֆ Գաֆասսոյի վրայ, անոր մահուան 150 ամեակի առթիւ ։ Ժոզէֆ Գաֆասսօ ծնած է Իտալիոյ Ասդի քաղաքը 1811 ին, 22 տարեկանին քահանայ կը ձառնադրուի եւ ապա Թորինօ կը տեղափոխուի իր ուսումնասիրութիւնները խորացնելու համար,կը յաճախէ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի անուան եկեղեցական գիշերօթիկ դպրոցը եւ Աստուծաբանութիւն կը դասաւանդէ ու կը դառնայ նոյն վարժարանի Րէկտոր-ը։ Աստուծային պարգեւներով օժտուած,բազմաթիւ քահանաներու հոգեւոր առաջնորդը եղած է, որոնց շարքին յիշենք Տօն Պոսքօն, Սալեզեանեաններու Միաբանութեան Սուրբ հիմնադիրը ։ Ան մահացաւ 1860ին եւ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի օրով սուրբ հռչակուեցաւ՝ որպէս տիպար բոլոր քահանաներուն, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն ՜՜Խոստովանանքի Խորհուրդին՝՝ եւ Հոգեւոր առաջնորդութեան՝՝.



Այս Խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, հայցելով Տիրոջմէն որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)։





Քահանայապետական Անուանումներ



Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց հետեւեալ անուանումները ։

- Հայր Ճոն Ռիչարտ Չիհագ - Քահանայապետական Արարողապետ.

- Հայր Էնրիքօ Տալ Գաւոլո-ն- Լատերանեան Համալսարանի նոր Րեկտոր.

- Գերապայծառ Ինիացիօ Գարրասգօ Դէ Բաոլան -Քահանայապետական Կեանքի Ակադեմիայի Նախագահ(ան մինջեւ օրս նոյն ակադեմիայի ատենադպիրն էր)։

- Գերապայծառ Չէլէսդինօ Միլիորէն՝ Լեհաստանի մօտ Առաքելական Դեսպան։

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարտինալ Ճիովաննի Պադդիսդա Րէ-ն որ ներկայացուցած իր հրաժարականը,(տարիքի բերումով-թեւակոխած ըլլալով 75 տարեկանը) Նորին Սրբութիւնը անոր տեղ անուանեց ցարդ Քէպէքի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Մարգ Ուելլէթը որպէս նոր Կառավարիչը Եպիսկոպոսաց Ժողովին եւ նախագահ՝ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական Յանձնաժողովին։

Սրբազան Հայրը Արեւմուտքի Աւետարանացումին նուիրուած ՜՜նոր աւետարանչութեան քահանայապետական Խորհուրդին ՝՝նախագահ անուանեց Արքեպիսկոպոս Ռինօ ֆիզիքելլան ։ Հուսկ Նորին սրբութիւնը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գերապայծառ Անտրէ Միւթիէն Լէոնարտ՝ Պրիւքսելի Արքեպիսկոպոսը եւ Պելկիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Նախագահը։

Կաթողիկէները եւ Օրթոտոքսները պէտք է միասին խորհրդածեն Հռոմի Պապի դերի մասին (կ'ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ՝ Ճէննատիոս Տի Սասսիմա Մետրոպոլիթի, իր ուղղած ճառին մէջ ըսած է ''Օրթոտոքսները եւ Կաթողիկէները պէտք է միասին խորհրդածեն Հռոմի Պապի դերի մասին'' յոյս յայտնելով որ ՜՜միջեկեղեցական այս երկխօսութիւնը շարունակուի նշանակալից յառաջադէմ քայլերով՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ կայացող բանակցութեան, համաշխարհային օրթոտոքս - կաթողիկէ միջեկեղեցական երկխօսութեան խառն յանձնախումբի կողմէ հետեւեալ նիւթին շուրջ ''Հռոմի Պապի դերը Եկեղեցւոյ Հաղորդութեան մէջ առաջին Հազարամիայի ընթացքին''։

Նշենք թէ 8-14 հոկտեմբեր 2007 ին, սոյն յանձնախումբը հանդիպած էր Իտալիոյ Րավեննա քաղաքը եւ վաւերացուցած 46 կէտեր պարունակող վաւերաթուղթ մը։

Այս վաւերաթուղթը կը հաստատէ, ըլլայ կաթողիկեներու ըլլայ օրթոտոքսներու կողմէ, Հռոմի Սրբազան Պապին ''Գլխաւորութիւնը'' ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ նկատելով զայն Պատրիարքներու միջեւ ''Առաջինը''։

Հարկաւոր է սակայն, ուսումնասիրել առանձնաշնորհութիւնը որ այս գլխաւորութեան դերէն առաջ կու գայ։ Արդարեւ մեկնաբանական տարբերութիւններ կան ըլլայ այս դերին վերաբերող պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը հասկնալու նաեւ սուրբ գրային եւ աստուածաբանական գետնի վրայ։

Վճռական պահ մըն է ասիկա աւելցուց Նորին Սրբութիւնը մաղթելով որ '' լուսաւորուած Սուրբ Հոգիին շնորհքներով յանձնախումբի անդամները կարենան լաւագոյն կերպով շարունակել իրենց աշխատանքը յաջորդ ընդհանուր նիստի ընթացքին որ տեղի պիտի ունենայ Վիեննայի մէջ եւ յատուկ ժամանակ յատկացնեն լուրջ ուսումնասիրութիւն կատարելու այս նուրբ եւ կարեւոր հարցին մասին։''

Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Արեւելեան Եկեղեցիներու յատուկ Սինհոդոսին՝ մատնանշելով թէ միջեկեղեցական համագործակցութեան նիւթը կարեւոր տեղ պիտի գրաւէ։

Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խօսքը անդրադառնալով՝ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու ապրած դժուարութիւններուն եւ շեշտեց Քրիստոնեաներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։










All the contents on this site are copyrighted ©.