2010-06-30 13:29:12

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։ ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ Մկրտիչ Խրիմեանի Ամսագիրը.



29 Յունիսի՝ 1855ին, լոյս կը տեսնէր Խրիմեան Հայրիկի հրատարակած

՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ ամսագրի անդրանիկ համարը։

155 տարի առաջ,29 Յունիսին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէր ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ անունով ամսագրի անդրանիկ համարը։ Հրատարակիչն ու խմբագիրը Մկրտիչ Խրիմեան անուն- ազգանունով 35ամեայ վարդապետ մըն էր, որ օսմանեան մայրաքաղաք եկած էր Երկրէն՝ հայոց Վասպուրական աշխարհէն, ուր այդ ժամանակ տակաւին կը էործէր Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը, որուն նորընծայ միաբաններէն էր կանուխ տարիքին ամուսնացած ու ընտանիք կազմած, բայց յետոյ ապաշխարհած եւ կուսակրօն առաքելութեան նուիրուած հայ ժողովուրդի անմահ ՝՝Հայրիկ՝՝ը։

Թէեւ Պոլսոյ մէջ սկսաւ հրատարակութիւնը ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ին, բայց թէ՛ իր խմբագրին ու յօդուածագիրներուն աշխարհայեացքով, թէ՛ իր ողջ բովանդակութեամբ, ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ը եղաւ հայկական գաւառին՝ նոյնինքն Հայաստանի հայութեան ձայնն ու շունչը օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ իր ազգային զարթօնքը ապրող արեւմտահայութեան համար։ Այդ իմաստով ալ իրաւացի են պատմագիրները, երբ ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ը կը հռչակեն Արեւմտեան Հայաստանի եւ, աւելի՛ն, Արեւելեան Հայաստանի մէջ հրատարակուած հայերէն առաջին տպագիր պարբերականը։



՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ը ունեցաւ հրատարակութեան երեք շրջան։ Հիմնուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր եւ ունեցաւ իր հրատարակութեան առաջին շրջանը՝ միայն տարի մը, 1855էն 1856։ Երկրորդ եւ ամէնէն երկարատեւ հրատարակութեան շրջանը ունեցաւ Վանի Վարագայ վանքին մէջ, իբրեւ շաբաթաթերթ, 1858էն 1864, երբ Խրիմեան Վարդապետին վստահուեցաւ վանահայրութիւնը Վարագավանքի։ Հրատարակութեան երրորդ եւ վերջին շրջանը, նոյնպէս Վարագավանքի մէջ, կարճատեւ եղաւ, հազիւ երկու տարի, 1872էն 1874։

՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ը անմիջապէս անդին անցաւ պարզ թերթի մը սահմաններէն եւ վերածուեցաւ ազgային-գաղափարական յորդաբուխ շարժումի մը ժամանակի հայ իրականութեան մէջ՝ Պոլիսէն մինչեւ Թիֆլիս ու Մոսկուա, դէպի Երկիր սեւեռելով հայեացքը, միտքն ու սիրտը հայրենասէր ամէն հայու։ Յատկապէս Վարագայ վանքի մէջ իբրեւ շաբաթաթերթ իր հրատարակութեան վեցամեայ շրջանին, ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ը դարձաւ պատգամաբեր բեմը հայ մտքի ու գրականութեան այնպիսի՛ հսկաներու ինչպիսին են՝ Գարեգին Վրդ. Սրուանձտեանցն ու Յակոբ Մելիք-Յակոբեանը (Րաֆֆի), Մ. Անանեանը (որ նաեւ եղաւ խմբագիրը թերթի հրատարակութեան երրորդ շրջանին), Ա. Թոխմախեանը, Տեկանց եղբայրները, Մ. Աղաբեկեանը եւ ուրիշներ, որոնք Վարագավանքի Ժառանգաւորացի սաներ էին եւ թրծուած էին Խրիմեան Հայրիկի շունչով։

Հայրիկի կենսագիրները կը վկայեն, որ 1854ի Փետրուարին Աղթամարի կաթողիկոս Շիրոյանի կողմէ նոր ձեռնադրուած վարդապետ, Խրիմեան անմիջապէս թիրախ դարձաւ՝ միեւնոյն միաբանութեան երէց բայց ծայր աստիճան պահպանողական ու խաւարամիտ կղերի հալածանքին։ Խրիմեանի երազն էր Աղթամարը դարձնել Հայաստանի Ս. Ղազարը՝ իբրեւ հայ նորահաս սերունդներու լուսաւորութեան եւ ընդհանրապէս գաւառներու հայութեան ազգային զարթօնքին օճախը։ Բայց ամէն քայլափոխի դէմ յանդիման գտնուեցաւ միաբանութեան պատասխանատու հոգեւորականներու հալածանքին եւ յարուցած արգելքներուն։ Ստիպուեցաւ առժամաբար հեռանալ Վարագավանքէն, անցաւ Կ. Պոլիս, ուր հիմնական մասնակցութիւն ունեցաւ արեւմտահայութեան մղած պայքարին մէջ՝ ի խնդիր Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին ու հաստատումին։ Եւ ՝՝Արծուի Վասպուրական՝՝ը, իր հրատարակութեան առաջին շրջանին, մարտունակ շեփորահարը դարձաւ Ազգային Զարթօնքի շարժումին։



1855ին, Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քարոզիչ կարգուած ըլլալով՝ Խրիմեան Հայրիկ իր քարոզներով բորբոքեց պոլսահայութեան հայրենասիրական զգացմունքները, օրինակ՝ քարոզի մը ընթացքին կոչ ուղղեց սուլթանական Բ. Դրան արքունի վառօդապետին՝ Յովհաննէս պէյ Տատեանին, որպէսզի իր արտադրած վառօդէն քիչ մըն ալ Հայաստանի հայերուն տրամադրէ՝ թշնամիներու դէմ կռուելու համար։ Կամ՝ այլ քարոզի մը մէջ, յորդորեց արքունի ճարտարապետ Կարապետ Պալեանին, որ Հայաստան երթայ եւ հոն նորոգէ նախնեռաց աւերակներ, ամրոցներ, բերդեր ու պալատներ։ Սակայն, ինչպէս որ Հայրիկի կենսագիրները կը վկայեն, քարոզը բաւարար չէր։ Անհրաժեշտ էր մեր ժողովուրդին գիտակցութեան ամբողջական արթնացումը, որ կը պահանջէր աւելի ազդու միջոցներ, յատկապէս պարբերական մամուլ։ Եւ այդ պահանջին ծնունդը եղաւ ՝՝Արծուի Վասպուրական ամսաթերթը։

Թերթի տպագրած յօդուածներուն մեծ մասին հեղինակը ի՛նք խմբագիր Խրիմեանն էր, որ ընթերցողներուն ծանօթացուց Գաւառներու հայ բնակչութեան իրական կացութիւնը, քննարկման նիւթ դարձուց ազգի ապագային առընչուող բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց շարքին՝ պանդխտութիւնը եւ գաղթականութիւնը, Խրիմեանի համոզումով, արեւմտահայ կեանքի ամենամեծ չարիքն էին։ Խրիմեանի համար՝ ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը բուն հայրենեաց երկրին մէջ բնակուիլն է։ Այդ պատճառով ան տարաշխարհիկ հայկազուններուն շարունակ կը հրաւիրէր վերադառնալու հայրենիք եւ շէնցնելու՝ նախնիներէն իրենց ժառանգութիւն տրուած Երկիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.