2010-06-30 13:25:31

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ՀԻԼԱՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍ ։
Հիլըրի Քլինթընի Կովկաս կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան առիթով
Սթէյթ Տիփարթմընթի յայտարարութեան համաձայն, Յուլիս 2-5 նախատեսուած է ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շրջապտոյտը Ուքրանիա, Լեհաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան։ Ի՞նչ է կապը բոլոր այս երկիրներու միջեւ եւ ամերիկեան քաղաքականութեան հետ հարցումը՝ անխուսափելի է,միւս կողմէ շրջապտոյտի աւարտին, Յուլիս 6ին, Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած է Քլինթըն-Օպամա-Նեթանիահու հանդիպումը, բոլոր այս այցելութիւններէն ետք..... հակառակ Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն միջեւ փոխադարձ ժպիտներուն, Գանատայի մէջ միասնաբար համտեսուած ՝՝համպըրկերներու՝՝ն, ուժի ցուցադրութեան մնայուն վազքի մէջ են այս երկու երկիրները ։ ԱՄՆ եւ ՆԱԹՕ՝ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ իրենց ներկայութեամբ, Ռուսաստան՝ ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործմամբ եւ անոնց միջոցաւ դէպի Եւրոպայ իր ուղղուածութեամբ։ Երկու տարի առաջ ռուս-վրացական հակամարտութիւնը յեղաշրջեց Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այդ պայմաններուն տակ է, որ շըրջանի բոլոր երկիրները ստիպուեցան վերատեսութեան ենթարկել իրենց վարած քաղաքականութիւնը եւ առաջնահերթութիւնները։ Հիլըրի Քլինթընի ներկայութիւնը շրջանէն ներս կուգայ ապահովելու, ճիշդ ա՛յդ իրավիճակի հիմամբ կատարուած ընտրութիւններու խնդրայարոյց ապագան։ Հիլարի Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնը պիտի նշէ Հայաստանի մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ։ ԱՐԹՈՒՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ներկայացուց Աշխատանքի եւ Սոցիալական հարցերու նորանշանակ նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Արթուր Գրիգորեանը։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ նախարարութեան առկայ խնդիրներուն ու արտայայտեց իր մտահոգութիւնը Աշխատանքի եւ Սոցիալական հարցերու նախարարի պաշտօնի յաճախակի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ։

ՅԱՒԵԼԵԱՆ ՎԱՐԿԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆՒՆ ։
Միջազգային դրամական ֆոնտը հաստատած է Հայաստանին հակա-ճգնաժամային աջակցութիւն ցուցաբերելու երկու ծրագիր։ Իւրաքանչիւրը նախատեսուած է 3 տարուան համար եւ կը կազմէ մօտ 198 միլիոն տոլար։ Հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդին տուած որոշումը Հայաստանին կարելիութիւն կ՝ընձեռէ անմիջապէս ստանալու մօտ 54 միլիոն տոլար։
ՄՈՍԿՈՒԱ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ( լրտեսութեան գայթակղութեան հարցով )։
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Ուաշինկթըն այցելութենէն հազիւ քանի մը օր ետք ամերիկեան իշխանութիւնները (Երկուշաբթի օր )11 անհատներ ամբաստանեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդիկ զինուորագրելու եւ ռուսական կառավարութեան ի նպաստ տեղեկութիւններ հաւաքելու համար ընդյատակեայ գործունէութիւն տանելու յանցանքով։

Ամերիկեան իշխանութիւնները յայտնեցին, որ Կիրակի օր լրտեսութեան յանցանքով տասը անձեր ձերբակալուած են Պոսթընի, Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Վըրճինիոյ մէջ։ Անոնք ամբաստանուած են դաւադրութեան, Ռուսիոյ համար ապօրինի գործակալ ըլլալու եւ դրամ լուալու յանցանքներով։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա Միացեալ Նահանգներէն այս հարցով բացատրութեան մը կը սպասէ։ ՝՝Ինթըրֆաքս ՝՝լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով ըսած է, թէ այս հարցին շուրջ մեզի բացատրութիւն չտրուեցաւ։ Կը յուսամ, որ բացատրութիւն տան։ Միւս կողմէ Ռուսաստանի ի նպաստ լրտեսութեան յանցանքով 10 հոգիի ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք, Լառնաքայի օդակայանին մէջ 54ամեայ անձ մը ձերբակալուեցաւ, նոյն ամբաստանութեամբ։ Ձերբակալուածը Գանատացի Ռոպերթ Քրիսթոֆերն է, որ ամերիկեան անցնագիր ունի։


ՊՈՒՔՐԷՇ ։
21 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ հազարաւոր ուրիշներ ստիպուեցան իրենց բնակարանները լքելու յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով, որ կը շարունակուին Ռումանիոյ մէջ։ Երէկ գիշեր, տեղւոյն իշխանութիւններու որոշումով, աւելի քան 1800հոգի հեռացուեցան Սուցէավայէն, ինչպէս նաեւ Սիրեթ գետի եզերքին գտնուող բոլոր տուներու բնակիչները հեռացուեցան շրջանէն։ Վարչապետ Էմիլ Պոք այցելեց հիւսիս-արեւմտեան շրջանները եւ յայտնեց թէ Ռումանիա օժանդակութիւն պիտի խնդրէ Եւրոպական Միութենէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.